Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են երթեւեկութեան անվտանգութեան ուղղութեամբ նախատեսուող բարեփոխումները, կառուցուածքային եւ բովանդակային փոփոխութիւնները:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն կը տեղեկացնեն, որ իր խօսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորապէս նշած է. «Ընդհանուր առմամբ Հայաստանում տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնները հասկանալիօրէն նոր իրավիճակում են դրել Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեանը: Իհարկէ, այդ անցումային շրջանը երեւի շատ բարդ պէտք է լինէր ոստիկանութեան համար, բայց մեր վեցամսեայ աշխատանքի արդիւնքներով կարող ենք ասել, որ ոստիկանութիւնը, ընդհանուր առմամբ, իր առջեւ դրուած խնդիրները լուծել է բաւականին լաւ: Սա ամենեւին չի նշանակում, թէ թերութիւններ չկան: Կարեւորագոյն խնդիրը, որ մենք հենց ամենասկզբից առաջադրել ենք՝ ոստիկանութեան նկատմամբ հանրութեան վերաբերմունքի փոփոխութիւնն է, եւ ոստիկանութեան վերաբերմունքի փոփոխութիւնը՝ հանրութեան նկատմամբ: Այս առումով, մենք ակնյայտօրէն ունենք շատ լուրջ առաջընթաց, ինչը թող չմեկնաբանուի այնպէս, թէ ես նկատի ունեմ, որ մենք այստեղ հասել ենք կատարելութեան, բայց շատ կարեւոր է, որ մենք յստակ քայլերով գնում ենք առաջ: Իհարկէ, կան նաեւ քննադատութիւններ ոստիկանութեան, ճանապարհային ոստիկանութեան աշխատանքի հետ կապուած, բայց մեր վերլուծութիւնը կարծես ցոյց է տալիս, որ այդ քննադատութիւնները, այդ թուում՝ տեղին, կապուած են այս անցումային շրջանի առանձնայատկութիւնների հետ: Համոզուած եմ, որ առաջիկայ մեր համատեղ աշխատանքի արդիւնքում իսկապէս կունենանք ոստիկանութիւն–հանրութիւն, ոստիկանութիւն–քաղաքացի բոլորովին նոր յարաբերութիւններ: Սա շատ կարեւոր խնդիր, նպատակ է, որին մենք պէտք է հասնենք»:






