«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի վերացումը հաստատապէս կախուած է վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիէն: Այս մասին ըսաւ երեսփոխան Ապտըլ Ռահիմ Մրատը՝ ի տես նոր կառավարութեան մէջ սիւննիներու ներկայացուցչութեան շուրջ ծայր առած տարաձայնութիւններուն:
Նշենք, որ Մրատ Հարիրիի Մուսթաքպալ շարժումէն անկախ այն վեց սիւննի երեսփոխաններէն մէկն է, որ հետամուտ է ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու նոր կառավարութեան մէջ:






