Երէկ՝ Չորեքշաբթի 7 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 8ին, տեղի ունեցաւ «Զարթօնք» Մատենաշարի մեկնարկումի ձեռնարկն ու «Միլիոնէն Մէկը» գիրքի շնորհանդէսը, որ անդրանիկ հրատարակութիւնը կը հանդիսանայ նոր մատենաշարին:
Ներկաները ողջունեց «Զարթօնք»ի խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեան ու ապա բեմը յանձնեց Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին, որ Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէնն է: Դոկտ. Տագէսեան «Զարթօնք» Մատենաշարը ու նոր ծննդոցն ու կարեւորութիւնը ներկայացուց ներկայ հիւրերուն: Գիրքը մանրամասնօրէն եւ իւրայատուկ ոճով ներկայացուց լիբանանահայ մտաւորական Լեւոն Արտազեանը: Ձեռնարկը իր կարեւոր խօսքով եզրափակեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը (խօսքերուն ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յաջորդիւ): Ձեռնարկի ընթացքին ընթերցուեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին շնորհաւորագիրը:
Աւարտին հատուեցաւ աւանդական կարկանդակը ու Լիբանանի Առաջնորդ հօր ներկայացուցիչ՝ արժանապատիւ տէր հօր պահպանիչով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին: Մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ: