«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – 2018 թուականի միջանկեալ ընտրութիւնները կրնան պատմութեան մէջ ամենաթանկը դառնալ եւ որպէս ընդհանուր ծախս գնահատուիլ 5 միլիառ տոլարի չափով: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «Fox News» հեռուստաընկերութիւնը՝ վկայակոչելով Center for Responsive Politics հետազօտական կազմակերպութեան գնահատումները: Այդ գնահատման մէջ հաշուի առնուած են թեկնածուներու, քաղաքական կուսակցութիւններու, քաղաքական գործողութիւններու կոմիտէներու եւ այլ կազմակերպութիւններու ծախսերը, որոնք մասնակցած են ընտրական գործընթացին:
Մասնաւորապէս, դեմոկրատները ներկայիս ընտրարշաւի համար հանգանակած են առնուազն 1.3 միլիառ տոլար, իսկ հանրապետականները՝ աւելի քան 1 միլիառ տոլար:
«Մենք կը սպասենք, որ որոշ ցուցանիշներ աճին, ինչպէս միշտ կ’ըլլայ,- հեռուստաընկերութիւնը բերած է Center for Responsive Politicsի գործադիր տնօրէն Շեյլա Քրամհոլչի կարծիքը:- Քաղաքական արշաւներու համար վճարներու սրընթաց թռիչքը ակնառու ապացոյց կը ծառայէ, թէ որքան սուր եղած է պայքարը ներկայիս ընտրական արշաւին»,- հաղորդած է «ՏԱՍՍ» գործակալութիւնը:






