Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՏԻՄԻԹՐԻ ՊԱՔՐԱՁԷ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տիմիթրի Պաքրաձէ (7 Նոյեմբեր 1826, Խաշմի, Թելաւի գաւառ, Վրաստանի նահանգ (այժմ՝ Սակարեճոյի շրջան, Կախէթի մարզ) – 22 Փետրուար 1890, Թիֆլիս), վրացի եւ ռուս պատմաբան, հնագէտ, Ս. Փեթերսպուրի գիտութիւններու ակադեմիոյ թղթակից անդամ (1879 թուականին):

Ծնած է 1826 Նոյեմբեր 7ին Խաշմի գիւղը հոգեւորական ընտանիքի մէջ:

1851ին կ’աւարտէ Մոսկուայի հոգեւոր ակադեմիոյ:

1861 թուականէն կ’աշխատի Ռուսական աշխարհագրական միութեան Կազանի բաժանմունքին մէջ։ Կը մասնակցի Կովկասի՝ Ռուսական կայսրութեան միանալուն վերաբերող փաստաթուղթերու հրապարակումին (հրատարակութիւնը կ’իրականացուի Կովկասի հնագրագիտական յանձնաժողովի կողմէ 1873-1875 թուականներուն): 1874 թուականին կ’առաջարկէ կազմակերպել Կովկասի հնագիտութեամբ հետաքրքրուողներու միութիւն:

Տիմիթրի Պաքրաձէի աշխատութիւններուն մէջ կ’առանձնանան վրացերէն հրատարակուած «Վրաստանի պատմութիւն» (1889), «Վրաստանն ու վրացիները» (1854), ինչպէս նաեւ ռուսերէն հրատարակուած «Կովկասը քրիստոնէական հնագոյն յուշարձաններուն մէջ» (1875), «Հնագիտական ճանապարհորդութիւն Վրաստանի ու Աջարիոյ մէջ» (1878), «Յօդուածներ Վրաստանի պատմութեան ու հնութիւններու մասին» (1887):

Տիմիթրի Պաքրաձէի նախաձեռնութեամբ Թիֆլիսի մէջ Սիոնի եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ կը կազմակերպուի «հնապահոց» (թանգարան):

Տիմիթրի Պաքրաձէն կը մահանայ 1890 Փետրուար 22ին Թիֆլիս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին