Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Ընդդիմադիր «Պիրկիւն» Թերթը Դատին Տուած Են Էրտողանը Վիրաւորելու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Թրքական ընդդիմադիր «Պիրկիւն» պարբերականը դատի տուած են նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը վիրաւորելու համար:

Այս մասին «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ կը յայտնէ թրքական «Diken» պարբերականը:

Թերթը դատի տուած են յօդուածի մը համար, ուր Էրտողանի անունը յիշատակուած է ընդամէնը մէկ նախադասութեան մէջ:

Մասնաւորապէս նշուած է, որ ֆինանսներու նախարարութեան նորանշանակ պաշտօնեաներէն՝ Ահմեդ Մինտերը Էրտողանի ազգականն է եւ որ ան իր դստերը ամուսնացուցած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի որդիին հետ:

Թերթին մէջ տեղ գտած յօդուածը կը վերաբերի Էրտողանի փեսային, Թուրքիոյ ֆինանսներու նախարար Պերաթ Ալպայրաքի՝ նախարարութեան մէջ կատարած նոր նշանակումներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին