Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Եւրոպայի Մէջ Ամենավատ Երկիրներու Շարքին Են Անգլերէնին Տիրապետելու Տեսակէտէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Անգլերէնի իմացութեան մակարդակը պարզելու համար EF Education First միջազգային ուսումնական կեդրոնը հարցումներ եւ հետազօտութիւններ իրականացուցած են:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, EF Education Firstը հարցումները ուղղած է 88 երկիրներու 1.3 մլն քաղաքացիներու:

Սոյն հետազօտութիւնը տեղի ունեցած է այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնց մայրենին չի հանդիսանար անգլերէն լեզուն:

Հարցումներու արդիւնքներով կեդրոնը իմացութիւններու մակարդակները բաժնած է «շատ լաւ», «լաւ», «միջին», «վատ», «շատ վատ» դասակարգումներու:

Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը եւրոպական 19 երկիրներու շարքին զբաղեցուցած են անգլերէնին վատագոյնս տիրապետող երկիրներու շարքին:

Երկիրներու ընդհանուր ցուցակին մէջ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը յայտնուած են «շատ վատ» դասակարգումին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին