Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Էրտողանը Սխալ Կը Համարէ Իրանի Դէմ Յայտարարուած Պատժամիջոցները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ չ’ընդունիր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ յայտարարուած պատժամիջոցները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:

«Մենք պատժամիջոցները ճիշդ չենք համարեր, քանի որ մեր կարծիքով անոնք ուղղուած են խախտելու աշխարհի հաւասարակշռութիւնը: Բացի այդ՝ անոնք դէմ են իրաւունքին ու դիւանագիտութեան: Մենք չենք ցանկար ապրիլ կայսերապաշտ աշխարհի մէջ»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է նախագահ Էրտողանը:

Նոյեմբեր 5էն ուժի մէջ մտած են Իրանի դէմ ԱՄՆ լայնամաշտաբ պատժամիջոցները, որոնք գլխաւորապէս կ’առնչուին ուժաբանութեան ու դրամատնային ոլորտներուն: Միացեալ Նահանգներու մէջ անցանկալի յայտարարուած են աւելի քան 700 անձ ու կազմակերպութիւն: Անոնք, որոնք կը համագործակցին այս ցուցակին մէջ յայտնուած անձանց կամ կազմակերպութիւններուն հետ, եւս կրնան յայտնուիլ ԱՄՆ պատժամիջոցներու տակ: Սակայն 7 երկրի համար ժամանակաւոր բացառութիւն կատարուած է. այդ երկիրներն են՝ Չինաստանը, Հնդկաստանը, Իտալիան, Յունաստանը, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան եւ Թուրքիան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին