Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Զոհուած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Նոյեմբեր 6-ին, մօտ ժամը 08.25-ին, հրազէնային վիրաւորումէ զոհուած է ՊԲ  կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկու մը ժամկետային զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Արիստակէս Էդուարդի Ազատեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի շապտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, N զօրամասի  ժամկետային  զինծառայող, շարքային Արիստակէս Ազատեանը զօրամասի հսկիչ  անցագրային կէտէն շուրջ 70 մ հեռաւորութեամբ գտնուող երկաթեայ կամուրջին մօտ,  իրեն ամրակցուած ԱԿ-74 տեսակի ինքնաձիգով, ծնօտին վրայ ինքն  իրեն պատճառած է մահացու հրազէնային վիրաւորում:

Դէպքի առթիւ առաջին կայազօրային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի  110-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած է քրէական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին