«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին մէջ ճանապարհորդներու խճողուածութիւնը Հոկտեմբեր ամսուան դրութեամբ 11%ով (ընդհանուր առմամբ 684,620 ճանապարհորդներ) աճ արձանագրեց՝ անցեալ տարուան միեւնոյն ամսուան բաղդատմամբ (616,708 ճանապարհորդներ): Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:






