Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Չշահագործել Պատահած Սխալը

Կարգ մը լրատուական միջոցներ եւ ընկերային համացանցի օգտատէրեր Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատարին մէկ խօսքը հրապարակային քննարկումի առարկայ դարձուցած են, ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի Հանրապետութեան մասին նախարարին արտայայտած մէկ կարծիքին:

Այս առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը շեշտէ, թէ խնդրոյ առարկայ նախարարին նպատակը վստահաբար  Եգիպտոսը կամ եգիպտացի ժողովուրդը անպատուել չէր եւ իր խօսքը իր շրջագիծէն դուրս գալով սխալ մեկնաբանուած է լրատուական միջոցներու եւ համացանցի վրայ: Տեղին է սակայն նշել, որ ամէն պարագայի նախարարի խօսքը իր անձնական կարծիքն է, որուն համար ան չուշացաւ ներողութիւն խնդրել եգիպտական կողմէն:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ’ուղղէ բոլոր լրատուական միջոցներուն եւ ընկերային համացանցի օգտատէրերուն չշահագործել պատահած սխալը եւ փոխարէնը կեդրոնանալ աւելի շինիչ ու նպատակայարմար նիւթերու վրայ:  

Եզրակացնելու համար, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը բարձր կը գնահատէ  Լիբանանի պատմական եւ ռազմավարական կապերը Եգիպտոսի ու անոր ժողովուրդին հետ, որոնք ամէն բանէ վեր են ու կը մնան անխախտ:

Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին