Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը 900,000 Տոլար Նուէր Կը Ստանայ Ուաշինկթընէն

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ 3 Հոկտեմբեր թուակիր նամակէ մը իմացած է, թէ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման հիմնարկի հովանիին տակ գործող Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութիւնը որոշած է 900,000 տոլարի յատկացում մը կատարել համալսարանին՝ իրականացնելու համար համալսարանի ընկերային գործարարութեան «Նաճարեան» կեդրոնը ամբողջանցնելու ծրագիրը։

Գումարը պիտի տրամադրուի Ճորճ եւ դոկտ. Քերոլան Նաճարաններուն կողմէ համալսարանին նուիրուած երկու շէնքերէն մէկուն նորոգութեան եւ արդիականացման, զայն նշեալ կեդրոնին վերածելու համար։

Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութիւնը նախապէս 999,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած էր՝ Նաճարեաններու նուիրած շէնքերէն առաջինը նորոգելու եւ զայն ուսանողական գիշերօթիկի մը վերածելու համար։

«Նաճարեան» կեդրոնին նպատակն է՝ Հայաստանի մէջ ընկերային բարեփոխումներ քաջալերել, կրթական եւ ստեղծագործական շարք մը ծրագիրներու ընդմէջէն։

Համալսարանի տնօրէն դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Նաճարեան» կեդրոնի ծրագիրը ամբողջացնելու համար Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութեան կատարած այս յատկանշական աջակցութեան համար, որ պիտի նպաստէ երկրին՝ «ընկերային հարցերը լուծողներու ապագայ սերունդի կերտումին»։

Իր կարգին, համալսարանին փոխտնօրէնի օգնական Անահիտ Օրդեան կը նշէ, թէ այս նորագոյն աջակցութեամբ, Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութեան կողմէ համալսարանին կատարուած նուիրատուութեան գումարը կը հասնի շուրջ 14 միլիոն տոլարի։

Համալսարանին եւ Արտերկրի ամերիկեան վարժարաններու եւ հիւանդանոցներու վարչութեան միջեւ կապերը սերտ պահելու նպատակով, համալսարանին ներկայացուցիչները անցեալ ամիս մասնակցած էին մայրաքաղաք Ուաշիկթընի մէջ տեղի ունեցած կազմակերպութեան տարեկան խորհրդաժողովին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին