Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Արցախի Մէջ Տեղի Կ՛ունենան Մարտական Զօրավարժութիւններ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Երէկ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերու ներգրաւմամբ մեկնարկած են մարտավարական զօրավարժութիւններ եւ պիտի շարունակուին մինչեւ Նոյեմբեր 10:

Պաշպանութեան բանակէն կը նշեն, որ զօրավարժութեան նպատակն է կատարելագործել ընդգրկուած ուժերու եւ միջոցներու մարտական ներդաշնակութեան մակարդակը, ստուգել զօրամասերու մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանի բերելու ծրագրներու իրատեսութիւնն ու զօրքերու մարտական կիրառման արդիւնաւէտութիւնը:

 Չորս փուլով տեղի ունեցող զօրախաղերու ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի հրամանատարներու եւ կառավարման մարմիններու գործնական ունակութիւններու բարձրացման եւ ժամանակակից մարտի մէջ ստորաբաժանումներու, զօրատեսակներու ու ծառայութիւններու միջեւ նպատակային փոխգործողութեան իրականացման վրայ:

 Աւարտական փուլի ընթացքին պիտի խաղարկուի «մխրճուած հակառակորդի ջախջախումը, առաջնագիծի վերականգնումը, յարձակման զարգացումը եւ բարենպաստ բնագիծերու գրաւումըէ» թեմայով մարտական հրաձգութեամբ զօրավարժութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին