Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Նիզար Զաքքա Կը Մեղադրէ Լիբանանի Կառավարութիւնը՝ Իր Ազատ Արձակման Ուղղութեամբ Միջոցներու Չձեռնարկելու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –   Լիբանանցի Նիզար Զաքքա, որ ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ձերբակալութեան չորրորդ տարուան առթիւ նամակի մը մէջ վերահաստատեց մեղադրողական իր խիստ դիրքորոշում ընդդէմ Լիբանանի կառավարութեան՝ վերջինս մեղադրելով իր ազատ արձակման ուղղութեամբ հնարաւորինս միջոցներու չձեռնարկելու համար:
Նիզար Զաքքա ձերբակալուած էր 2015ին Թեհրանի մէջ պետութեան հովանաւորած խորհրդաժողովին ներկայ գտնուելու նպատակով Իրան ճամբորդելէ ետք: Այդ ատեն Զաքքա I արաբական հաղորդակցական կազմակերպութեան մը ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը կը զբաղեցնէր եւ պաշտօնական հրաւէր ստացած էր խորհրդաժողովին մասնակցելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին