«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Հազարաւոր իրանցիներ դուրս եկած են երկրի քաղաքներու փողոցները՝ մասնակցելու ԱՄՆի նոր պատժամիջոցներուն դէմ ուղղուած կառավարամէտ հանրահաւաքներուն:
Անոնք կը վանկարկեն «Մահ Ամերիկային»: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «Sky News»ը: Ցուցարարները այրած են «Սեմ քեռի»ի պատկերները եւ նախագահ Տոնալտ Թրամփի դիմանկարները:
Իրանի պետական լրատուամիջոցները կը պնդեն, որ բողոքի զանգուածային ցոյցերուն ամբողջ երկրին մէջ մասնակցած են միլիոնաւոր մարդիկ: Նոյեմբեր 4ի հանրահաւաքները իրականացած են Թեհրանի մէջ ԱՄՆի դեսպանատան գրաւման տարեդարձի օրը, որ տեղի ունեցած է 1979 թուականին: Այդ իրադարձութիւնները երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման եւ ամերիկեան պատժամիջոցներու սահմանման պատճառ դարձան:
Թեհրանի մէջ բողոքի ցոյցերը տեղի ունեցած են ԱՄՆի նախկին դեսպանութեան շէնքի մօտ, ուր այժմ տեղաւորուած է «լրտեսութեան թանգարանը»: Ցուցարարները կը բացագանչէին ինչպէս հակաամերիկեան, այնպէս ալ հակաիսրայէլական կարգախօսներ:
Նոր սահմանափակումները, որոնք պէտք է ուժի մէջ մտնեն Նոյեմբեր 5ին, կը վերաբերին Իրանի նաւթային ու դրամատնային ոլորտներուն: Թրամփը պատժամիջոցներու սահմանումը կը համարէ Թեհրանի միջուկային ծրագիրը կանգնեցնելու փորձ: Իրանի իշխանութիւնները ի պատասխան յայտարարած են, որ Իրանը մտադիր է յաղթել այս հոգեբանական պատերազմին, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:






