«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Միացեալ Նահանգները Իրանի աւելի քան 700 անձինք, կազմակերպութիւններ, ինքնաթիռներ եւ նաւեր ներառած են պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութիւնը:
Մասնաւորապէս, ցուցակին մէջ ներառուած են Իրանի աթոմային ուժաբանութեան կազմակերպութիւնը, 70 ֆինանսական կազմակերպութիւններ, այդ կարգին 14 խոշորագոյն դրամատուները: Ուաշինկթընը կը մեղադրէ զանոնք «ապակայունացնող գործունէութեան աջակցելու» մէջ:
Անոնք, որոնք կը համագործակցին այս ցուցակին մէջ յայտնուած անձանց կամ կազմակերպութիւններու հետ, եւս կրնան յայտնուիլ ԱՄՆ պատժամիջոցներու տակ: Սակայն 7 երկրի համար ժամանակաւոր բացառութիւն կատարուած է. այդ երկիրներն են՝ Չինաստանը, Հնդկաստանը, Իտալիան, Յունաստանը, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան եւ Թուրքիան:
ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութենէն յայտնած են, որ ասոնք պաշտօնական Թեհրանի դէմ յայտարարուած ամենալայնամաշտաբ պատժամիջոցներն են:






