«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի նախագահ Միշէլ Աունին համառօտ ներկայացուց Ալճերիոյ պաշտօնատարներու հետ վարած բանակցութիւնները, որոնց շնորհիւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ալճերական «Սոնաթրաչ» ընկերութեան հետ: Պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ալճերական վերոյիշեալ ընկերութիւնը պիտի մատակարարէ պահանջուած վառելանիւթը լիբանանեան ելեկտրակայաններուն:
Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակի յայտարարութեան համաձայն՝ վարչապետի պաշտօնակատարը Փարիզէն կապ հաստատելով նախագահ Աունի հետ վերջինիս յայտնած է ալճերական պաշտօնատարներու հետ ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքները:






