«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու ղեկավարները Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին մէջ Նոյեմբեր 8ին կը ծրագրեն համատեղ յայտարարութիւն ընդունիլ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմը զինուած հակամարտութիւններուն մասնակցած անձանց նկատմամբ փոխհամաձայնեցուած միջոցառումներու վերաբերեալ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Նոյեմբեր 5ին յայտնած է Ղազախիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այբեկ Սմատիարովը:
«Գագաթնաժողովի արդիւնքներով՝ կը ծրագրուի ընդունիլ շարք մը փաստաթուղթեր: Անոնց շարքին հարկ է նշել ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ամփոփիչ հռչակագիրը, միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմը զինուած հակամարտութիւններուն մասնակցած անձանց նկատմամբ փոխհամաձայնեցուած միջոցառումներու վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւնը»,- պատմած է Սմատիարովը:
Ան նշած է, որ պետութիւններու ղեկավարներու քննարկման պիտի ներկայացուի նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներ, որոնք նպատակամղուած են ՀԱՊԿի ճգնաժամային արձագանգման կատարելագործման, անօրինական արտագաղթի հակազդելուն, համակարգուած տեղեկատուական քաղաքականութեան զարգացման, հաւաքական ուժերի կազմակերպման ու կազմի ճշդման, ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնի թեկնածութեան հաստատման:
«Ընդսմին յատուկ ուշադրութեան արժանի են ՀԱՊԿի գործընկերոջ եւ կազմակերպութեան առընթեր դիտորդի կարգավիճակի իրաւական ձեւակերպման վերաբերող փաստաթուղթերը, որոնց ընդունումը հնարաւորութիւն կը բանայ որակապէս նոր մակարդակով շարք մը երրորդ երկիրներու հետ կազմակերպութեան համագործակցութեան հաստատման համար»,- յաւելած է Ղազախիստանի ԱԳ նախարարութեան ներկայացուցիչը, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը: