Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Իրանի Մէջ Բողոքի Զանգուածային Ցոյցեր Տեղի Կ’ունենան Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Դէմ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Հազարաւոր իրանցիներ դուրս եկած են երկրի քաղաքներու փողոցները՝ մասնակցելու ԱՄՆի նոր պատժամիջոցներուն դէմ ուղղուած կառավարամէտ հանրահաւաքներուն:

Անոնք կը վանկարկեն «Մահ Ամերիկային»: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «Sky News»ը: Ցուցարարները այրած են «Սեմ քեռի»ի պատկերները եւ նախագահ Տոնալտ Թրամփի դիմանկարները:

Իրանի պետական լրատուամիջոցները կը պնդեն, որ բողոքի զանգուածային ցոյցերուն ամբողջ երկրին մէջ մասնակցած են միլիոնաւոր մարդիկ: Նոյեմբեր 4ի հանրահաւաքները իրականացած են Թեհրանի մէջ ԱՄՆի դեսպանատան գրաւման տարեդարձի օրը, որ տեղի ունեցած է 1979 թուականին: Այդ իրադարձութիւնները երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման եւ ամերիկեան պատժամիջոցներու սահմանման պատճառ դարձան:

Թեհրանի մէջ բողոքի ցոյցերը տեղի ունեցած են ԱՄՆի նախկին դեսպանութեան շէնքի մօտ, ուր այժմ տեղաւորուած է «լրտեսութեան թանգարանը»: Ցուցարարները կը բացագանչէին ինչպէս հակաամերիկեան, այնպէս ալ հակաիսրայէլական կարգախօսներ:

Նոր սահմանափակումները, որոնք պէտք է ուժի մէջ մտնեն Նոյեմբեր 5ին, կը վերաբերին Իրանի նաւթային ու դրամատնային ոլորտներուն: Թրամփը պատժամիջոցներու սահմանումը կը համարէ Թեհրանի միջուկային ծրագիրը կանգնեցնելու փորձ: Իրանի իշխանութիւնները ի պատասխան յայտարարած են, որ Իրանը մտադիր է յաղթել այս հոգեբանական պատերազմին, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին