«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Իսրայէլցի ուժայինները լոյս Նոյեմբեր 5ի գիշերը 17 պաղեստինցիներ ձերբակալած են Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին, որոնք կը փնտռուէին ահաբեկչական գործունէութեան մեղսակցութեան կասկածանքով: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է հրէական պետութեան պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը:
«Գիշերուան ընթացքին բանակային ստորաբաժանումները ոստիկանութեան, սահմանապահ ոստիկանութեան եւ Իսրայէլի ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութեան աջակցութեամբ 17 պաղեստինցիներ ձերբակալած են Արեւմտեան ափին, որոնք կը փնտռուէին ահաբեկչական գործունէութեան, զանգուածային ահաբեկչութեան եւ Իսրայէլի քաղաքացիական անձանց ու զինուորներու դէմ ուղղուած բռնարարքներուն մեղսակցութեան կասկածանքով»,- ըսուած է զինուորականներու տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Պաղեստինա-իսրայէլական դիմակայութեան գօտիի իրադրութիւնը սրուած է 2015 թուականի Սեպտեմբերին: Այդ թուականէն զէնքի եւ հրազէնի, պայթուցիկ սարքերու օգտագործմամբ կատարուած 400 յարձակումներու, ինչպէս նաեւ մեքենաներու վրայերթերու հետեւանքով Իսրայէլի մէջ եւ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին սպաննուած են 50է աւելի իսրայէլցիներ եւ մի քանի օտարերկրացիներ, հաղորդած է «ՏԱՍՍ» գործակալութիւնը:






