Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Երկրին Ու Լիբանանցի Ժողովուրդին  Ընդհանրական Շահերը Վեր Դասել Անձնականէն7 ՌԱԿ Լիբանանի Շրջ. Վարչութիւն

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը երէկ՝ Երկուշաբթի 5 Նոյեմբեր 2018ի  երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց իր կեդրոնատեղիին մէջ: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան զանազան ներազգային ու ներկուսակցական, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս երկիրը յուզող հարցեր:

Ժողովը մասնաւորաբար կեդրոնացաւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան թնճուկին վրայ եւ այս առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական բոլոր կողմերու պատասխանատուներուն գիտակիցիլ լիբանանի դիմագրաւած հիմնախնդիրներուն եւ  երկրին ու լիբանանցի ժողովուրդին  ընդհանրական շահերը վեր դասել անձնականէն: Հետեւաբար զիջիլ ընդհանուրին շահին ի խնդիր:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը նաեւ նկատեց, որ նախարարի պաշտօններու համար մրցակցութիւնը եւ այդ պատճառով խոչընդոտներ ստեղծելը կարճատեսութիւն եւ անպատասխանատուութիւն է: Ան նաեւ նկատեց, որ նախարարաց խորհուրդի կազմութիւնը դժուարացնողները փոխանակ քաղաքացիին օրապահիկին մասին մտահոգուելու, որ առանց այս խնդրին ալ արդէն կքած էր ֆինանսական եւ տնտեսական դժուարութիւններու ներքոյ, իրենց անձնական եւ պատեհապաշտ շահերու հետապնդման ետին են եւ այս պատճառով հազիւ կէտ մը հանգուցալուծուի, ուրիշ մը կը ստեղծեն կարծէք պահանջուածը կառավարութեան չգոյութիւնն ու Լիբանանը այս իրավիճակին գերին պահելն է:

Այս պատճառով նաեւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ խնդրոյ առարկայ բոլոր կողմերուն անմիջապէս հրաժարիլ անձնական նկատառումներէ եւ իշխանութիւն տենչալէ ու փոխարէնը դիրքորոշուիլ ժողովուրդին կողքին, որ ի վիճակի չէ աւելի եւս սպասելու մինչ երկրին տնտեսութիւնը ամէն բնագաւառէ ներս կը գտնուի անդունդի եզրին:

Տեղեկատուական Գրասենեակ

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին