ԻԶԱՊԷԼ ՇԱՏՈՅԵԱՆ
ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի՝ միջուկային գործարքէն դուրս գալու եւ Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգելու, ինչպէս նաեւ նոր պատժամիջոցներ սահմանելու մասին յայտարարութենէն 6 ամիս ետք՝ Նոյեմբեր 4ին, կը լրանայ 180օրեայ անցումային շրջանը, որմէ ետք ուժի մէջ պիտի մտնէ Իրանի նկատմամբ ամերիկեան պատժամիջոցներու երկրորդ մասը: Այս խմբաքանակին մէջ են նաեւ պատժամիջոցներ, որոնք կը վերաբերին իրանական շարք մը նաւթային ընկերութիւններէ նաւթային եւ նաւթաքիմիական արտադրանքներու ձեռքբերումին:
Դեռեւս 2018ի Օգոստոս 16ին Իրանի հարցով ԱՄՆ յատուկ ներկայացուցիչ Պրայան Հուքը կոչ կ’ընէր Իրանէն նաւթ գնող երկիրներուն մինչեւ Նոյեմբեր 4 դադրեցնել Իրանէն նաւթի գնումը՝ միաժամանակ զգուշացնելով, որ ԱՄՆը պատրաստ է երկրորդական պատժամիջոցներ կիրարկել այն կառավարութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը շարունակեն նման առեւտուրը Իրանի հետ:
Պատժամիջոցներու այս փուլին ընդառաջ, իրանական նաւթի հիմնական սպառողները կը վերանային իրենց համագործակցութիւնը Իրանի հետ՝ ԱՄՆ նոր պատժամիջոցներու բացասական հետեւանքներէն առաւելագոյնս խուսափելու եւ երկրորդական պատժամիջոցներու չենթարկուելու համար:
2018 թուականի տուեալներով Իրանի ուժաբանական հիմնական գործընկերներն են Չինաստանը (26%), Հնդկաստանը (23%), ԵՄը (20%) (մասնաւորապէս՝ Ֆրանսան, Յունաստանը, Իտալիան եւ Սպանիան), Հարաւային Քորէան (11%), Թուրքիան (7%), Ճափոնը (5%), ԱՄԷը (5%):
Դեռեւս պատժամիջոցներու կիրարկման առաջին փուլին Հարաւային Քորէան լիովին դադրեցուց իրանական նաւթի ներկրումը՝ Յունուարէն-Յուլիս ամիսներու օրական 285,000 պարել ներկրումը հասցնելով զերոյի: Սեպտեմբերի տուեալներով այս պետութիւնը նաւթ ներկրած է Սէուտական Արաբիայէն եւ ԱՄՆէն, սակայն շարունակած է ԱՄՆ հետ բանակցութիւնները՝ իրանական նաւթի ներկրման նկատմամբ պատժամիջոցները մասամբ շրջանցելու ուղղութեամբ: Միւս երկիրը, որ յայտարարեց իրանական նաւթի ներկրումէն մինչեւ Նոյեմբեր հրաժարելու մասին, Ճափոնն էր: Սեպտեմբերի տուեալներով` Ճափոնը իրանական նաւթի ներկրումը կրճատած էր 64.5%ով, իսկ այս կրճատումները փորձած է որոշ չափով փոխարինել մերձաւորարեւելեան նաւթարդիւնահանողներու միջոցով (Սէուտական Արաբիա, ԱՄԷ, Քուէյթ): Այստեղ հետաքրքրական է յատկապէս ԱՄՆ «պահանջը» OPEC երկիրներէն եւ Սէուտական Արաբիայէն՝ լրացնել նաւթի պահանջարկը, որ կը յառաջանայ Իրանի մատակարարումներու կրճատումէն: Սա է պատճառը, որ արաբական նաւթային երկիրները կը մեծցնեն նաւթի արտահանման ծաւալները: Օրինակ՝ Սէուտական Արաբիան զայն աւելցուցած է օրական 1.5 մլն. պարելով, սակայն Իրանի նաւթի նախարարը, անդրադառնալով այս գործելաոճին, անհեթեթ համարած է, որ Սէուտական Արաբիան կը կարողանայ փոխարինել իրանական նաւթի մատակարարումները:
Իրանական նաւթի երկու խորոշագոյն գնորդները՝ Չինաստանն ու Հնդկաստանը, Թրամփի կողմէ իրանական նաւթի արտահանման նկատմամբ պատժամիջոցներու մասին յայտարարութենէն ետք, տարբեր մակարդակներու վրայ յայտարարութիւններ տարածեցին, որ չեն պատրաստուիր կրճատելու նաւթի ներկրումը ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով: Սակայն պատկերը այժմ լրիւ այլ է: Սեպտեմբերին պարզ դարձաւ, որ Հնդկաստանը կը պատրաստուի իրանական նաւթի ներկրման ծաւալները կրճատելու Նոյեմբերի համար: Իրանական նաւթ ներկրող հնդկական 2 խոշորագոյն պետական նաւթային ընկերութիւնները Նոյեմբերի համար նաւթ ներկրելու ուղղութեամբ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք չեն բերած իրանական ընկերութիւններու հետ: Այդպիսի պայմանաւորուածութիւններ կան միայն նաւթային մասնաւոր ընկերութիւններու միջեւ: Այս պահու դրութեամբ Հնդկաստանը յաջողած է համաձայնութեան հասնիլ ԱՄՆի հետ՝ իրանական նաւթի ներկրումներուն վրայ տարածուող պատժամիջոցները մինչեւ Մարտ ամիսը շրջանցելու մասով՝ պայմանով որ իրանական նաւթի ներկրումը պէտք է 1/3ով կրճատուի եւ հասնի ամսական 1.25 միլիոն թոնի: Ասոր զուգահեռ՝ նաւթ վերամշակող որոշ հնդկական ընկերութիւններ սկսած են ամերիկեան նաւթի ներկրումը, ինչը ենթակառուցուածքներու զարգացում կը պահանջէ եւ կը դժուարացնէ գործընթացը: Բանակցութիւններ սկսած նաեւ Սէուտական Արաբիոյ նաւթային խոշորագոյն մատակարարներուն հետ՝ նաւթի ներկրման ծաւալներու ընդլայնման համար: Հետաքրքրական է, որ որոշ վերամշակողներ վերջին շրջանին իրանական նաւթի համար վճարած են ռուպիով, եւ հաւանական է, որ սա կը շարունակուի նաեւ ապագային:
Ինչ կը վերաբերի Չինաստանին, ապա այս երկիրը նոյնպէս յայտարարած է իրանական նաւթի ներկրումը շարունակելու մասին՝ պատճառաբանելով, որ չկան այլ մատակարարներ, որ կարենան փոխարինել Իրանէն նավւի ներկրման ծաւալները: Չնայած այս յայտարարութիւններուն՝ մամլոյ մէջ կը շրջանառուի տեղեկութիւնը, որ չինական պետական խոշորագոյն նաւթային ընկերութիւնները եւս Նոյեմբերի համար պայմանաւորուածութիւններ ձեռք չեն բերած իրանական նաւթը ներկրելու ուղղութեամբ՝ պատժամիջոցներու երկրորդ փուլին ընդառաջ: Սակայն սա դեռեւս բաւարար հիմք չէ եզրակացնելու, որ Չինաստանը կտրուկ կը նուազեցնէ կամ կը դադրեցնէ իրանական նաւթի ներկրումները: Հաւանական է, որ կողմերը կը փորձեն աւելի արդիւնաւէտ համագործակցութեան ուղիներ գտնել, որով կրնան հնարաւորինս շրջանցել ամերիկեան պատժամիջոցներու բացասական ազդեցութիւնները: Այդպիսի ուղիներէն մէկը արդէն իսկ նաւթային քննարկուող գործարքներն են չինական յուանով: Բացի այդ՝ Չինաստանը նոյնպէս աշխոյժ բանակցութիւններ կը վարէ ԱՄՆ հետ՝ իրանական նաւթի ներկրման նկատմամբ պատժամիջոցները մասամբ շրջանցելու համար:
Իրանական նաւթի չորրորդ խոշորագոյն գնորդ հանդիսացող Թուրքիան նոյնպէս, չնայած ամերիկեան պատժամիջոցներու վերաբերեալ նախագահ Էրտողանի եւ նախարարներու քննադատութեան, արդէն զգալիօրէն կրճատած է նաւթի ներկրումը Իրանէն եւ մօտ ապագային ան կրնայ հասցնել զերոյի, եթէ պատժամիջոցներու շրջանցման վերաբերեալ ԱՄՆ հետ բանակցութիւններու ժամանակ չկարենայ յաջողութեան հասնիլ:
Ինչ կը վերաբերի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն (այստեղ իրանական նաւթի հիմնական գնորդը Տուպայ քաղաքն է), ապա այս պետութիւնը ողջունած է Իրանի նկատմամբ ամերիկեան պատժամիջոցներու կոշտացումը: ԱՄԷ ուժաբանութեան նախարարը նոյնիսկ նշած է, որ իրենք հետամուտ կ’ըլլան պատժամիջոցներու կիրարկման եւ այլընտրանքային շուկաներ կը գտնեն՝ իրանական նաւթը փոխարինելու համար:
Միջուկային համաձայնագիրէն դուրս գալու եւ Իրանի նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ կիրարկելու Թրամփի յայտարարութենէն ետք ԵՄը եւ եւրոպական կառավարութիւնները հանդէս եկան ամերիկեան պատժամիջոցներու դէմ եւ հաւատարմութիւն յայտնեցին Իրանի հետ համագործակցային յարաբերութիւններու պահպանման կապակցութեամբ: Չնայած այս հաւաստիացումներուն՝ եւրոպական շարք մը ընկերութիւններ՝ նաւթակազային արդիւնաբերութեան ոլորտէն եւ ոչ միայն, արդէն յայտարարած են Իրանի հետ առեւտուրը դադրեցնելու մասին: Այժմ ԵՄ երկիրները կը փորձեն Իրանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համակարգ մշակել՝ ամերիկեան պատժամիջոցներու ազդեցութենէն հնարաւորինս խուսափելու համար:
Այսպիսով, եթէ մինչեւ Թրամփի կողմէ Մայիսին կատարուած յայտարարութիւնը իրանական նաւթի արտահանումը կը գերազանցէր օրական 2.5 միլիոն պարելը, ապա ըստ «Refinitiv Eikon»ի տուեալներուն՝ իրանական նաւթի արտահանումը Հոկտեմբեր ամսուան առաջին երեք շաբաթներուն ընթացքին հասած է 1.55 միլիոն պարելի: Նաւթի արտահանման ծաւալներու այս թափով կրճատումը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ Իրանի տնտեսութեան համար՝ չնայած իրանական քաղաքական շրջանակներէն ներս համոզուած են, որ Իրանը տնտեսական սեփական քաղաքականութիւնը վարելու համար ունի անհրաժեշտ գիտելիքներ եւ պաշարներ:
Բացի այդ՝ իրանական նաւթէն կախում ունեցող երկիրները իրենց հերթին կը փորձեն քայլերու ձեռնարկել իրանական նաւթի մատակարարումները ապահովելու համար: Անոնցմէ շատերը կը բանակցին ԱՄՆ հետ՝ իրանական շարք մը նաւթային ընկերութիւններէն նաւթային եւ նաւթաքիմիական արտադրանքներու ձեռքբերման ուղղուած պատժամիջոցները շրջանցելու ուղղութեամբ: Նոյեմբեր 2ին արդէն ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն յայտնած է, որ 8 երկիրներու թոյլ կը տրուի սահմանափակ քանակով նաւթ ներկրել Իրանէն՝ նաւթի գիները կայուն պահելու նպատակով:
Միաժամանակ, իրանական նաւթէն կախում ունեցող երկիրները կը փորձեն նաւթի ոլորտին մէջ Իրանի հետ համագործակցութեան այլընտրանքային ուղիներ գտնել, որոնց միջոցով կը խուսափին ամերիկեան պատժամիջոցներու ազդեցութենէն: Այստեղ յատկապէս հետաքրքրական է իրանական նաւթի առքուվաճառքը գնորդներու ազգային արժոյթով իրականացնելու հնարաւորութիւնը: Այդ մասին յայտարարած է նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մ. Ջ. Զարիֆը, որուն կարծիքով՝ Իրանի եւ իր գործընկերներուն միջեւ ազգային արժոյթներով առքուվաճառքը թոյլ կու տայ խուսափիլ տոլարով կատարուող գործարքներէն եւ կը հաւասարակշռէ ազգային արժոյթները, ինչը աւելի շահաւէտ կրնայ ըլլալ կողմերու համար:
Այս ամէնուն հետ մէկտեղ՝ ամերիկեան պատժամիջոցները շրջանցելու մէկ այլ հաւանական համակարգ կրնայ ըլլալ «միջնորդներու» օգնութեան դիմելը, որոնք ուժաբանական պորսայի ներքին շուկային մէջ կրնան իրանական նաւթի գնորդ հանդիսանալ եւ հետագային զայն վաճառել համաշխարհային շուկային մէջ՝ մասնաւոր առուտուրի անուան տակ:
Այսպիսով, իրանական նաւթի արտահանման ծաւալները աստիճանաբար կը կրճատուին, բայց միաժամանակ, անոր հիմնական սպառողները կը փորձեն բոլոր հաւանական միջոցներով պահպանել իրենց տնտեսութիւններուն համար կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող իրանական նաւթի մատակարարումները, քանի որ անոնցմէ շատերուն պարագային նաւթի այլընտրանքային աղբիւրներ գտնելը բաւական լուրջ խնդիր է:
Բնագիրը՝ արեւելահայերէն
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից