Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

ԱՄՆը Պատժամիջոցներ Կիրարկած Է Իրանի Աւելի Քան 700 Կազմակերպութեան Ու Անձանց Նկատմամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Միացեալ Նահանգները Իրանի աւելի քան 700 անձինք, կազմակերպութիւններ, ինքնաթիռներ եւ նաւեր ներառած են պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութիւնը:

Մասնաւորապէս, ցուցակին մէջ ներառուած են Իրանի աթոմային ուժաբանութեան կազմակերպութիւնը, 70 ֆինանսական կազմակերպութիւններ, այդ կարգին 14 խոշորագոյն դրամատուները: Ուաշինկթընը կը մեղադրէ զանոնք «ապակայունացնող գործունէութեան աջակցելու» մէջ:

Անոնք, որոնք կը համագործակցին այս ցուցակին մէջ յայտնուած անձանց կամ կազմակերպութիւններու հետ, եւս կրնան յայտնուիլ ԱՄՆ պատժամիջոցներու տակ: Սակայն 7 երկրի համար ժամանակաւոր բացառութիւն կատարուած է. այդ երկիրներն են՝ Չինաստանը, Հնդկաստանը, Իտալիան, Յունաստանը, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան եւ Թուրքիան:

ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութենէն յայտնած են, որ ասոնք պաշտօնական Թեհրանի դէմ յայտարարուած ամենալայնամաշտաբ պատժամիջոցներն են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին