«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Լիբանանցի Նիզար Զաքքա, որ ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ձերբակալութեան չորրորդ տարուան առթիւ նամակի մը մէջ վերահաստատեց մեղադրողական իր խիստ դիրքորոշում ընդդէմ Լիբանանի կառավարութեան՝ վերջինս մեղադրելով իր ազատ արձակման ուղղութեամբ հնարաւորինս միջոցներու չձեռնարկելու համար:
Նիզար Զաքքա ձերբակալուած էր 2015ին Թեհրանի մէջ պետութեան հովանաւորած խորհրդաժողովին ներկայ գտնուելու նպատակով Իրան ճամբորդելէ ետք: Այդ ատեն Զաքքա I արաբական հաղորդակցական կազմակերպութեան մը ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը կը զբաղեցնէր եւ պաշտօնական հրաւէր ստացած էր խորհրդաժողովին մասնակցելու համար:






