Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Մեսրոպեանի 80Ամեակ. Յոբելենական Տարին Բացուեցաւ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով

 «Դիմած ենք Վատիկան` Մեսրոպեանի հիմնադիր Աղաճանեան կարտինալի երանացման դատը սկսելու խնդրանքով». Գրիգոր Պետրոս Ի.

Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2018ին՝ երեկոյեան ժամը 6:00ին, Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ  Պատարագով մեկնարկը կատարուեցաւ Հայ կաթողկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 80ամեակի տօնակատարութիւններուն: Սուրբ Պատարագին հանդիսապետեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը` ներկայութեամբ պետական, յարանուանական, քաղաքական եւ միութենական մեծաթիւ անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու, ծնողներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան: Պատարագը մատուցեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան փոխանորդ եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գերպծ. Հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վ.  Մուրատեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական «Ծիծեռնակ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Յաւուր պատշաճի քարոզեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը: Ան նշեց, որ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 80ամեակը պատկառելի յոբելեան մըն է, որ փոխանակ հիւծելու եւ սպառելու ուժն ու կայտառութիւնը այս բազմավաստակ հաստատութեան, տարուէ տարի աւելի բեղուն կը դարձնէ զայն` յօգուտ հայ սերունդներու մտային ու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ զարգացումին:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց, որ Մեսրոպեանը լիուլի արդարացուցած է իր գոյութիւնը՝ շնորհիւ այն անյողդողդ հաւատարմութեան եւ սկզբունքներուն, որոնցմէ ներշնչուած են իր հիմնադիրները` տէր կանգնելով Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ ընտանիքներու զաւակներուն, ջամբելով անոնց մտքի ու հոգիի սնունդ: Այս սերունդին շնորհիւ է, որ Մեսրոպեանը հասցուցած է հոյլերը աշակերտներուն, որոնք արդիւնաբերած են այլազան մարզերու մէջ` մշակութային, գեղարուեստական, դաստիարակչական, տնտեսական, քաղաքական ու հոգեւոր գետնի վրայ: Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ անոնք եղած են ընտանիքի տիպար հայրեր ու մայրեր, որոնց առաջին մտահոգութիւնը ըլլալով իրենց զաւակները այս դպրոցը ղրկելը, ապահոված են անոնց կրթութիւնը` հիմնուած ազգային, քրիստոնէական ու բարոյական արժէքներու վրայ:

«Հայ կաթողիկէ համայնքը կը պարծենայ այս հաստատութեամբ, որուն ծաղկումին համար տրամադրած է իր լաւագոյն զաւակները` իբրեւ տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ հոգեւոր դաստիարակներ, նպաստելով, որ դպրոցը կանգուն մնայ` բարգաւաճելով եւ պատասխանելով մեր ընտանիքներուն ազգային ու հարազատ ակնկալութիւններուն»,- ըսաւ Հոգեւոր Տէրը:

Ապա Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը յայտնեց, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին պաշտօնապէս դիմում կատարած է Հռոմի քահանայապետին եւ պատկան մարմիններուն` երանացման եւ սրբադասութեան արժանացնելու Մեսրոպեանի հիմնադիր հայրապետը` Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան ԺԵ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ հայութեան դեսպանը եղած է ամէնուրեք` իր հեզութեամբ ու սիրով, արժանանալով ինչպէս եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութիւններու յարգանքին, նոյնպէս եւ լայն զանգուածներու սիրոյն` Լիբանանէն մինչեւ եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասերու երկիրներ: Ան յորդորեց ներկաները աղօթելու առ Աստուած, որ Աղաճանեան կարտինալին միջնորդութեամբ պահէ ու պահպանէ հայութիւնը` խռովայոյզ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Հայաստան ու Արցախ: Հոգեւոր Տէրը յայտնեց, որ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս պապը անձնապէս եւ բառացի թելադրած է մեր ժողովուրդին` «հայ մնացէք, որպէսզի քրիստոնեայ մնաք»: Ան մաղթեց, որ Աղաճանեան կարտինալի միջնորդութեամբ Աստուած զօրացնէ հայ մարդուն սէրը` հանդէպ իր եղբօր ու ազգակցին եւ ամրապնդէ հաւատարմութիւը` հայութեան ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն: 

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ ներկայացուց տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ, որ լոյս եւ յոյս ներշնչող Մեսրոպեան վարժարանը հայրենիքէն հեռու Հայաստան է` ամուր բերդ եւ օտարութեան դէմ կանգնող զրահ: Մեսրոպեան վարժարանը աղօթատեղի է, հաւատքի վանք եւ սիրոյ աղբիւր: Վարժարանը իր բազմաթիւ աշակերտներով, դիմագիծով եւ պատկանելիութեամբ Պուրճ Համուտի սիրտն է եւ լիբանանահայութեան գոյութեան երաշխիքներէն մէկը: Մեսրոպեան վարժարանը միշտ յառաջդիմութեան մէջ է` քայլ պահելու արդի արհեստագիտութեան ու ժամանակակից մանկավարժութեան հետ, երիտասարդ պահելու պատմական վաստակ ունեցող կառոյցը եւ ապահովելու ազգային, հոգեւոր եւ կրթական երթը բոլոր ժամանակներուն: Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ Մեսրոպեանի  շրջանաւարտները աշխարհի տարբեր կողմերը պատուաբեր դիրքեր գրաւած են` հաւատարիմ մնալով իրենց ազգային ու հոգեւոր պատկանելիութեան եւ Մեսրոպ Մաշտոցի կտակին:

Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադիր Կաթողիկոս-Պատրիարքին, անցեալի տնօրէններուն, դաստիարակներուն, Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարչական խորհուրդին, նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, զօրակից միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ ծնողներուն:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան փոխանորդ եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան արտասանեց փակման խօսքը: Ան յայտնեց, որ այս 80ամեակի տօնակատարութիւնը առիթ է փառք տալու Աստուծոյ, որ այս վարժարանը կանգուն պահեց ութսուն տարիներ` նուիրեալ եւ անձնուէր պատասխանատուներու հովանիին ներքեւ: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ 1961 – 1969 տարիներուն Մեսրոպեան վարժարանի տեսչութեան պաշտօնը վարած է եւ իր բաժինը բերած այս օճախին բարգաւաճման:

«Հայ եկեղեցին եւ դպրոցը, երբ միասին կը գործակցին սփիւռքի իրականութեան մէջ, ապա այն ատեն կ’երաշխաւորեն սերունդներու գոյատեւումը իբրեւ հայ, ինչպէս եղաւ այս վարժարանի պարագան: Անոնք հսկայ աշխատանք կը տանին օտարացման ու ձուլման դէմ»,- ըսաւ Գերապայծառ Տէրը: Ան նշեց, որ ազգի մը գոյութեան մեծագոյն ուժը իր կրօնը, մշակոյթը, լեզուն, արուեստը, գիտութիւնը, իմացական կարողութիւնը, ճարտարապետութիւնը, ճարտարարուեստը, իր տոհմային երգն է ու երաժշտութիւնը: Այսօր սփիւռքի պատասխանատուները պէտք է միջոցներ հայթայթեն հայ կրթական օճախներուն` արդի գիտութեան հետ քայլ պահելը երաշխաւորելու առումով:

Գործադրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր, որ ընթացք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբին անդամներուն երգով. անոնք ներկայացուցին «Մեսրոպեան` մեր սիրուն վարժարան» քայլերգը եւ «Քիչ ենք, հայ ենք» խմբերգը: Ելոյթ ունեցաւ երաժշտական քառեակ մը` բաղկացած Մեսրոպեանի նախկին սաներէ` Գէորգ Քէշիշեան (սրինգ), Մարինէ Հալլաճեան (ջութակ) եւ Նարէ Աշգարեան (ջութակ) եւ Նանոր Ղազէլեան (ջութակ)` ղեկավարութեամբ Վիգէն Չայլեանի, որոնք ներկայացուցին Կոմիտասի «Քելէ քելէ» եւ «Հապրպան» ժողովրդական երգերը:

Յայտագիրի վերջին բաժինով պարգեւատրուեցան Մեսրոպեան վարժարանին մէջ երեսուն տարուան վաստակ ունեցող հետեւեալ պաշտօնեաները. Պերճ Բարմաքսըզեան, Սթիւ Մեսճեան, Նայիրի Էթոյեան, Անի Պապլուզեան եւ Թերեզ Ազար:

Աւարտին պաշտօնական հիւրերն ու ժողովուրդը իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Մանուէլ եպս. Պաթագեան, Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանին եւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստին:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին