Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հարիրի Կը Միջամտէ Լուծելու Համար Ելեկտրակայանի Վառելանիւթի Պակասորդը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի նախագահ Միշէլ Աունին համառօտ ներկայացուց Ալճերիոյ պաշտօնատարներու հետ վարած բանակցութիւնները, որոնց շնորհիւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ալճերական «Սոնաթրաչ» ընկերութեան հետ: Պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ալճերական վերոյիշեալ ընկերութիւնը պիտի մատակարարէ պահանջուած վառելանիւթը լիբանանեան ելեկտրակայաններուն:
Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակի յայտարարութեան համաձայն՝ վարչապետի պաշտօնակատարը Փարիզէն կապ հաստատելով նախագահ Աունի հետ վերջինիս յայտնած է ալճերական պաշտօնատարներու հետ ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքները:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին