Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Արհեստավարժութեան Դասընթացքներու Վկայականաց Բաշխում

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը լիբանանահայ գաղութի մէջ անծանօթ անուն մը չէ: Իր առաքելութեան հաւատարիմ ան անդադրում կը գործէ՝ հասնելով ժողովուրդի զանազան կարիքներուն: Գարակէօզեան հաստատութիւնը իր  գործունէութեան լայնածիր դաշտին մէջ ներառած է նաեւ արհեստավարժութեան դասընթացքները, որոնք սկիզբ առին Նոյեմբեր 2017ին մինչեւ Օգոստոս 2018 եւ ընդգրկեցին հետեւեալ բաժանմունքները. լեզուներ (անգլերէն եւ ֆրանսերէն), վարսայարդարում, դիմայարդարում )make up), տնային հողագործութիւն, ճաշ: Դասընթացքներուն մասնակցեցաւ 61 հոգի:

Այս առումով արհեստավարժութեան դասընթացքներուն մասնակիցներուն համար վկայականաց բաշխման պատշաճ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 2 Նոյեմբեր 2018ին՝ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ արհեստավարժութեան դասընթացքներու պատասխանատու Քրիստին Սարգիսեան: Ան ըսաւ, որ այսօրուան վկայականները իրենց առաջին քայլն է յաջողութեան, եւ ամէն մեծ ծրագիր կը սկսի առաջին քայլով: Քրիստին Սարգիսեան մաղթեց, որ իրենց ստացած գիտութիւնը եւ տեղեկութիւնները զարգացնեն Գարակէօզեանի մէջ թէ անկէ դուրս ասպարէզի վերածելով, որպէսզի յաջողութիւն գտնեն կեանքի մէջ:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան գնահատանքի եւ շնորհակալական խօսքերով արժեւորեց արհեստավարժութեան դասընթացքներու յաջողութեան ներդրումը ունեցած բոլոր անձերուն մասնաւորելով մասնակիցները ու ուսուցիչները: Ան յաջողութիւն մաղթեց դասընթացքի մասնակիցներուն իրենց կեանքի ասպարէզին մէջ եւ խոստացաւ նոր դասընթացքներ կազմակերպել Գարակէօզեանի մէջ: Սերոբ Օհանեան առաջնահերթութիւն նկատեց մարդոց առողջապահութիւնը հոգեկան, մտային եւ մարմնական բնագաւառներուն մէջ:

Ապա Գարակէօզեան հաստատութեան վարչութեան անունով սրտի խօսք արտասանեց Ազատուհի Սիմոնեան: Ան վարչութեան անունով գնահատեց իրագործուած աշխատանքները եւ շնորհաւորեց վկայեալները:

Հուսկ Փոնթիֆիքըլ Միշըն կազմակերպութեան անունով խօսք առաւ Մարլէն Քոնսթանթին, որ գնահատեց Գարակէօզեան հաստատութեան ծառայութիւնը՝ մատնանշելով, որ իրենց գործակցութեան մէջ յստակօրէն նկատուած է Գարակէօզեանի մարդասիրական ծառայութիւնը եւ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու իրողութիւնը: Մարլէն Քոնսթանթին իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ ի տես այս ծրագիրի յաջողութեան եւ ապագայ գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:

Ապա դասընթացքին մասնակիցները բեմ բարձրացան եւ իրենց վկայականները ստացան ձեռամբ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին եւ դասընթացքի ուսուցիչներուն: Տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ յիշատակի խմբանկար մը առնուեցաւ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին