Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Թարգմանչաց Տօնը Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ

Իւրաքանչիւր ազգ ունի իր տօները, զորս կը նշէ ամէն տարի: Մեր ազգային իւրայատուկ տօներէն մէկն է Թարգմանչաց տօնը, որուն ընթացքին կը յիշատակենք մեր սուրբ թարգմանիչները եւ անոնց կատարած գերգնահատելի աշխատանքը:

            Մխիթարեան Վարժարանի աշակերտները Սրբոց Թարգմանչաց տօնը նշեցին Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2018ին: Հանդիսութեան ներկայ էին Մխիթարեան Միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր գերյարգելի Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեան եւ գերապատիւ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան, որ օրուան պատգամախօսն էր:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միաբանութեան քայլերգերու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը կատարեց 8րդ դասարանի աշակերտ Նարեկ Կարճիկեան, որ հարց տուաւ. «Ո՞վ է հայ ազգը առանց այբուբենին եւ առանց իր ոսկեղնիկ հայերէնին… շատոնց ձուլուած եւ անհետացած պիտի ըլլայինք: Աստուծոյ նախախնամութեամբ հայը դարերու վրայ մնաց հայ եւ ուր որ գնաց, իր սրտին ու հոգիին մէջ սրբացուց իր լեզուն, հաւատքն ու մշակոյթը»: Ան բոլոր աշակերտներուն անունով խոստացաւ պահել ու պահպանել մեր ոսկեղնիկը՝ մեր աննման լեզուն, մի՛շտ նորոգուած ու երիտասարդ շունչով:

Մանկապարտէզի եւ Ա. դասարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան «ԱԲԳ» երգով եւ ապա Ա. դասարանի աշակերտները Ոսկեդարի պատմական տուեալները ներկայացուցին պատկերաւոր ձեւով: Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները ասմունքեցին Խաչիկ Դաշտենցի «Մեսրոպ Մաշտոցին» բանաստեղծութիւնը: Իսկ 4րդէն մինչեւ 8րդ կարգի խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Հայ Լեզուին Հրաշքը», «Այբուբեն Հայոց» եւ «Հայերէն» քերթուածներու համադրում մը, ինչպէս նաեւ Համօ Սահեանի «Մեր Լեզուն» բանաստեղծութեան երգը՝ Սիպիլի կատարողութեամբ:

Պատգամախօս հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց պատմութեան ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն՝ Ոսկեդարի թարգմանչական աշխատանքի կարեւորութեան, որով հայ ժողովուրդը սկսաւ հայերէնով գրել ու կարդալ: «Մենք հայերէնը կը սիրենք եւ կը սորվինք, որովհետեւ մեր մայրենի լեզուն է, եւ առ այդ պէտք է յատուկ տեղ տանք հայերէնի դասերուն՝ լեզու, գրականութիւն, քերականութիւն, Հայոց պատմութիւն: Եւ ինչպէս որ կը սիրենք մեր մայրերը, նոյնպէս պիտի սիրենք մեր մայրենի լեզուն: Եւ որովհետեւ մեր եկեղեցին հայերէնով կը խօսի ու հայերէնով կ’աղօթէ, մենք մեր աղօթքները հայերէնով պիտի կարդանք ու հայերէնով աղօթենք հայ եկեղեցւոյ մէջ»,- ըսաւ գերապատիւ վարդապետը: Ան յորդորեց նաեւ հայերէնը ճիշդ խօսիլ եւ ուրիշ լեզու չխառնել անոր մէջ:

Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան խօսք առնելով ըսաւ, որ մեր վարժարանը կը նմանի նորածին երեխայի մը, եւ ինչպէս որ հայ նորածինին լեզուն առաջին անգամ կը բացուի իր մայրենի լեզուով, այսօր մեր առաջին տօնակատարութիւնը նուիրուած է մայրենի լեզուին, զոր կը փառաբանենք այսօր: Ան շեշտեց, որ հայ լեզուն կը պահպանուի մանաւանդ հայկական վարժարանին մէջ, ուր կը սիրենք, կը պահպանենք ու կը գուրգուրանք մեր մայրենիին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատգամաբերին, ինչպէս նաեւ այն ուսուցչուհիներուն, որոնք պատրաստեցին հանդիսութիւնը: Ապա ան դպրոցին կողմէ իւրաքանչիւր ընտանիքի նուիրեց անոր մականունին սկզբնատառով թռչնագիր պատրաստուած յուշանուէր:

Այնուհետեւ, գերյարգելի Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեան շնորհաւորեց աշակերտները ձեռնարկին համար եւ լուսարձակի տակ առաւ այս աշակերտներուն դպրոցին հիմնադիր աշակերտները ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ խրատեց աշակերտները շատ լաւ սորվելու իրենց մայրենին, թէկուզ խօսին ուրիշ բազմաթիւ լեզուներ: Աւարտին, ան աղօթքով ու «Պահպանիչ»ով օրհնութիւն փոխանցեց աշակերտներուն:

dav

dav
dav
dav
oznor
dav
dav

ԼՐԱՏՈՒ

ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ       

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին