«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Նոյեմբերի 4-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման ու գահակալութեան 19-րդ տարեդարձը: Այս առիթով աշխարհասփիւռ հայոց եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք:
Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի:
Արարողութեան ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ եւ միաբաններ, թեմակալ առաջնորդներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի անդամներ, պետական այրեր, Մայր Աթոռի բարերարներ եւ տարբեր թեմերէն հոգեւոր հովիւների առաջնորդութեամբ ժամանած ուխտաւորներ:
Տօնական այս օրը Հայոց Հովուապետին այցելեցին նաեւ մշակոյթի տարբեր գործիչներ: Տարեդարձի առիթով Մայր Աթոռը ստացաւ բազմաթիւ շնորհաւորագրեր աշխարհասփիւռ թեմերէն, ազգային կառոյցներէն եւ հասարակական գործիչներէն:






