«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Կիրակի Քրեմլինի մէջ ի ներկայութիւն շարք մը պաշտօնատար անձանց տեղի ունեցած միջոցառումին պարգեւատրեց Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի՝ ռուսական հարցերով խորհրդական Ժորժ Շաապանը՝ մարդոց միջեւ ընկերութիւնն ու հասկացողութիւնը, ինչպէս նաեւ ռուսերէն լեզուն եւ մշակոյթը արտերկրի մէջ խթանելու ուղղութեամբ գործարկած ջանքերուն համար: Այս մասին կը հաղորդեն Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակէն:






