Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մէջ Նշուեցաւ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օծման Եւ Գահակալութեան 19րդ Տարեդարձը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Նոյեմբերի 4-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման ու գահակալութեան 19-րդ տարեդարձը: Այս առիթով աշխարհասփիւռ հայոց եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք:

Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի:

Արարողութեան ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ եւ միաբաններ, թեմակալ առաջնորդներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի անդամներ, պետական այրեր, Մայր Աթոռի բարերարներ եւ տարբեր թեմերէն հոգեւոր հովիւների առաջնորդութեամբ ժամանած ուխտաւորներ: 

Տօնական այս օրը Հայոց Հովուապետին այցելեցին նաեւ մշակոյթի տարբեր գործիչներ: Տարեդարձի առիթով Մայր Աթոռը  ստացաւ բազմաթիւ շնորհաւորագրեր աշխարհասփիւռ թեմերէն, ազգային կառոյցներէն եւ հասարակական գործիչներէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին