«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Տէյր Ամմար եւ Զահրանի շրջաններու ելեկտրակայաններու ներկայ աշխատընթացը բարեբախտաբար կը գտնուի բնականոն դրութեան մէջ՝ կայծակի պատճառով տեղի ունեցած պարապուրդէ ետք: Այս մասին ելեկտրականութեան ընկերութեան մօտ աղբիւր մը յայտնեց լրատուական միջոցներու:






