Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հերոսները Չեն Մեռնիր, Անոնք Կը Յաւերժանան Մեր Սրտերուն Մէջ. Հայկական Մարմնամարզութեան Ներկայացուցիչները Ցաւակցական Խօսքերը Եուրի Վարդանեանի Մահուան Կապակցութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  Հայկական մարմնամարզութեան ներկայացուցիչները իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն մեծանուն ծանրորդ Եուրի Վարդանեանի մահուան կապակցութեամբ:

«Աւա՜ղ, երբ դուն հեռացար, շուրջս տեսակ մը դատարկութիւն կը զգամ, անասելի սառնութիւն, թանկ ու հարազատ ընկերոջ անդառնալի բացակայութիւն… Բայց քեզի հետ կապուած լաւագոյն յիշողութիւններս ինծի ուժ կու տան: Լոյսերու մէջ մնաս, իմ հոգատար ու սրտացաւ ընկե՛ր, փառապանծ ու մեծանուն ծանրորդ: Հերոսները չեն մեռնիր, անոնք կը յաւերժանան մեր սրտերուն մէջ… անմահ ես դուն, Եուրիկ ճան»,-«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ իր ցաւակցանքի խօսքին մէջ ըսած է մեծանուն հեռացակորդ Ռոպերթ Էմմիեանը:

Ցաւակցանքի իր խօսքը ըսած է նաեւ աշխարհի, Եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Արսէն Ճուլֆալակեանը. «Ցաւօք մեզմէ հեռացաւ հայկական մարմնամարզութեան ամենավառ մեծութիւններէն մէկը։ Մարդ, որ մի քանի տասնամեակ կը շարունակէր կուռք մնալ ամենատարբեր մարզաձեւերու ներկայացուցիչներուն համար։ Տասնեակ հազարաւոր երեխաներ եւ պատանիներ սկսած են զբաղիլ մարմնամարզութեամբ՝ցանկալով նմանիլ Եուրի Վարդանեանին։ 
20րդ դարու լաւագոյն ծանրորդներէն մէկը, համաշխարհային բազմաթիւ մրցանիշներու հեղինակ, ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեան։ Մարդ, որ ազատ մուտք ունէր ԽՍՀՄ քաղաքական ղեկավարներուն մօտ, ընդունուած եւ սպասուած էր ամենատարբեր բնագաւառներու լաւագոյն ներկայացուցիչներուն կողմէ, ճանչցուած էր բոլոր ժողովուրդներուն կողմէ։ Մարդ, որուն մասին բազմաթիւ առասպելներ հիւսուած են… 
Այնքան շատ կարելի է խօսիլ Եուրի Վարդանեան մարզիկի մասին։ Եւ դեռ շատ պիտի խօսուի:
Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, հանճար»:

Նոյեմբեր 2ին 62 տարեկան հասակին ԱՄՆ մահացած է հայկական մարմնամարզութեան աստղը, ողիմպիական խաղերու ախոյեան Եուրի Վարդանեանը:

Եուրի Վարդանեան ծնած է 1956 թուականի Յունիս 13ին։ 1977 թուականին ստացած է ԽՍՀՄ մարմնամարզութեան վաստակաւոր վարպետի կոչում։ 1980 թուականին աւարտած է Լենինականի Մանկավարժական հիմնարկը։ 1977-1979, 1980-1981, 1983, 1985 թուականներուն ան դարձած է աշխարհի ախոյեան եւ գաւաթակիր։ 1980 թուականին ողիմպիական ախոյեան։ 1977-1978, 1980-1981, 1983 թուականներուն Եւրոպայի ախոյեան եւ գաւաթակիր։ 1977, 1979, 1981 թուականներուն ԽՍՀՄ ախոյեան եւ 1976 թուականին՝ գաւաթակիր։ 1978-1981 թուականներուն ճանչցուած է աշխարհի լաւագոյն ծանրորդ։ 1985 թուականին սահմանած է աշխարհի 43 մրցանիշ։ 1980 թուականին միջին քաշում առաջինը, երկամարտի ցուցանիշը հասցուցած է 400 քկ-ի։

2009 թուականին նշանակուած է Հայաստանի նախագահի խորհրդական։ 2013 թուականի Մայիս 8ին ազատուած է ՀՀ նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն եւ նշանակուած ՀՀ մարմնամարզութան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար։ 2014 թուականի Յունիս 24ին ՀՀ նախագահի հրամանագիրով նշանակուած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, այդ պաշտօնին մնացած է մինչեւ 2017:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին