ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
500 Նորակառոյց Բնակարան Ստեփանակերտի Մէջ
Ստեփանակերտի մէջ երկու թաղամաս պիտի կառուցուի՝ աւելի քան 500 բնակարանով: Մինչեւ տարեվերջ տարածքներու նախապատրաստման, նախագիծերու պատրաստման աշխատանքները կ’աւարտին: Բուն շինարարական աշխատանքները պիտի մեկնարկեն 2019ին:
Տարածքը ամիսներ անց պիտի դառնայ Արցախի շինարարական ամենամեծ հարթակներէն մէկը: Ստեփանակերտի մէջ երկու նոր թաղամաս կ’աւելնայ: Տարածքները արդէն ընտրուած են: Առաջինը մօտ երկուքուկէս հեքթար մակերես կը զբաղեցնէ: Կը գտնուի Թումանեան փողոցի յարակից տարածքին, սպայական թաղամասի հարեւանութեամբ: Առաջին թաղամասի շինարարութիւնը պիտի իրականացնէ «Փորթալ» ընկերութիւնը՝ Արցախէն: Նոյն այս կազմակերպութիւնը իրականացուցած է սպայական թաղամասի նախագծային աշխատանքները: Այսպէս կոչուած ձեռագիրը նոյնը կ’ըլլայ. երկու թաղամասերը պիտի բաժնուին ընդամէնը մէկ փողոցով, կը նշէ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:
Նոր թաղամասի համար ընտրուած երկրորդ տարածքը կը գտնուի առաջինէն 2-3 քիլոմեթր հեռու՝ Տիգրան Մեծ-Ալեք Մանուկեան խաչմերուկի հարեւանութեամբ, եւ մօտ երեքուկէս հեքթար մակերես կը զբաղեցնէ: Այս թաղամասի ճարտարապետական նախագիծը ռուսաստանաբնակ Մաքսիմ Աթայանցի ճարտարապետական արուեստանոցը կը կազմէ: Քաղաքաշինութեան նախարարը դեռ փակագիծերը չի բանար, բայց կ’ակնարկէ, որ սա կ’ըլլայ ուրոյն ոճով թաղամաս՝ հետաքրքրական լուծումներով: Այս փուլին դեռ որոշ մանրամասնութիւններ կը քննարկուին: Միաժամանակ, այդ աշխատանքի դիմաց ստացած ամբողջ գումարը կը մնայ Արցախի, աւելի ստոյգ՝ Հադրութի շրջանի Քարագլուխ գիւղին մէջ: Նոյն այդտեղէն են Աթայանցի արմատները: «Ան իր հայրենի գիւղին մէջ արդէն իսկ որոշ ներդրումներ ըրած է եւ կը նախատեսէ նախագիծի համար ստացած ամբողջ վարձատրութիւնը եւս ներդրել Քարագլխի մէջ»,- կը մանրամասնէ Կարէն Շահրամանեանը:
Աշխատանքներու աւարտին, Ստեփանակերտը երկու նորակառոյց թաղամաս կ’ունենայ՝ 8էն 5 յարկանի շէնքերով: «Պիտի ունենանք նուազագոյնը 500 բնակարան»,- ակնկալիքները կ’ամբողջացնէ քաղաքաշինութեան նախարարը:
Հաշուի առնելով, որ այս բնակարանները պէտք է յատկացուին արտօնեալ պայմաններով, շուկայականէն անհամեմատ ցած գիներով, պիտի աշխատին ցած ինքնարժէք ունենալ: Ատիկա, սակայն, պիտի չազդէ որակին վրայ, կը վստահեցնէ քաղաքաշինութեան նախարարը: «Պիտի ունենան բոլոր յարմարութիւնները: Նոյնիսկ բնակարաններու չափերը էապէս պիտի չտարբերին ընդունուած չափանիշներէն: Պարզապէս պիտի աշխատինք մասնաւորաբար արտաքին յարդարման աշխատանքներու պարագային, այսպէս ըսած, համեստ ըլլալ, իսկ տարածքի բարեկարգման, ենթակառուցուածքներու հետ առնչուող աշխատանքներու զգալի մասին պետութիւնը պիտի մասնակցի: Այս ամէնէն ետք պիտի ունենանք անհամեմատ ցած ինքնարժէք, ինչը թոյլ կու տայ բնակարանները վաճառել աւելի ցած գինով»,- իր լաւատեսութիւնը կը հիմնաւորէ Կարէն Շահրամանեանը:
2019ին շինարարութիւնը կը մեկնարկէ: Հակառակ տպաւորիչ ծաւալներուն՝ Ստեփանակերտի մէջ երկու թաղամասերու շինարարութիւնը սեղմ ժամկէտներու մէջ պիտի աւարտի: Աւելի ուշ տուած մեկնաբանութիւններու մէջ շինարարութեան վերջնաժամկէտները յստակեցուցած է Արցախի պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը: Իր խօսքով՝ թաղամասերը պատրաստ կ’ըլլան արդէն 2020ին, շինարարութեան մեկնարկէն ետք մօտ երկու տարուան ընթացքին:
Երկու թաղամասերու կառուցման ֆինանսաւորման աղբիւրները տարբեր են: Ներգրաւուած են օտարերկրեայ ներդրողներու գումարներ, կ’ըլլան նաեւ պետական համաֆինանսաւորում եւ վարկային միջոցներ: Նորակառոյց բնակարաններու մէկ մասը կը տնօրինուի ըստ պետական ընկերային ծրագիրներու եւ կը յատկացուի թիրախ յայտարարուած ընկերային խումբերու ներկայացուցիչներուն: Բնակարաններու մեծ մասը նախատեսուած է վաճառքի համար: «Կ’ունենանք 15 միլիոն դրամէն մինչեւ 26 միլիոն դրամ արժողութեամբ բնակարաններ»,- կը մանրամասնէ Կրիկորի Մարտիրոսեանը: Ոչ միայն արժան կ’ըլլայ, այլեւ կ’առաջարկուի աւելի մատչելի պայմաններով: Գրաւի հետ կապուած ծրագիրը կը վերանայուի եւ փոփոխուած տարբերակով ուժի մէջ կ’ըլլայ դեռ մինչեւ նոր թաղամասերու շինարարութեան աւարտը՝ 2019ի Յունուար 1էն: «Գործող կարգով պետութիւնը կը յատկացնէ վարկի տոկոսագումարի 50 տոկոսը: Մեր կողմէ կ’առաջարկուի սահմանել այնպիսի կարգ, որ ընտանիքի մէջ իւրաքանչիւր երեխայի ծննդեան կապակցութեամբ տոկոսագումարի որոշակի օժանդակութեան չափը պետութեան կողմէ աւելնայ եւս 5 տոկոսով: Հետեւաբար կ’ըլլայ այնպէս, որ 3 երեխայ ունեցող ընտանիքը կրնայ վարկ (գրաւականով) ստանալ ընդամէնը 4-5 տոկոս տոկոսադրոյքով»,- նորամուծութիւններէն մէկը կը մատնանշէ պետական նախարարը: Կը շարունակուի եկամտային հարկի վերադարձի ծրագիրը նոյնպէս: Վերանայուած է նաեւ կանխավճարի հարցը: Երկու տարբերակ պիտի առաջարկուի. «Առաջին տարբերակի պարագային, կը մուծուի 10 տոկոս կանխավճար, եւ վարկը կը ձեւակերպուի 20 տարիով: Ըստ երկրորդ տարբերակի՝ կանխավճար կը մուծուի 5 տոկոսի չափով, սակայն վարկի ժամկէտը կ’ըլլայ 15 տարի»: Ուստի, գրաւը մատչելի կ’ըլլայ միջին աշխատավարձ ստացող ընտանիքին, կը վստահեցնէ պետական նախարարը. «Օրինակ՝ երկու սենեակնոց բնակարանի պարագային ամսավճարը կը կազմէ շուրջ 60 հազար դրամ, 3 սենեակնոց բնակարանի պարգային՝ 80 հազար դրամ, 4 սենեակնոց բնակարանի պարագային՝ 100 հազար դրամ»:
Մինսքի Խումբի Համանախագահները Արցախի Մէջ Են
Նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 30ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Էնտրիւ Շոֆերը, Ստեֆան Վիսքոնթին եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփշիքը: Համանախագահները Արցախ ժամանած են ոչ լրիւ կազմով: Բացակայ է Իկոր Փոփովը: Քննարկուած են ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ Արցախի ու Ազրպէյճանի սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր: Արցախի նախագահը վերահաստատած է Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ծիրէ ներս՝ վերստին կարեւորելով բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը եւ Արցախի մասնակցութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն: Բակօ Սահակեանը կարեւորած է զինադադարի ռեժիմի պահպանման ուղղուած համակարգերու կիրարկման անհրաժեշտութիւնը` զայն համարելով տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման առանցքային բաղադրամասերէն մէկը:
Նոյն օրակարգով՝ համանախագահները հանդիպած են նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարի հետ: Մասիս Մայիլեանը վերահաստատած է Արցախի հաւատարմութիւնը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութեան ծիրէ ներս։ Մասիս Մայիլեան ընդգծած է Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ բանակցութիւններու եռակողմ ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը, որ ժամանակին ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը։ ԱԳՆ ղեկավարի գնահատմամբ՝ Արցախի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերուն կարեւոր է նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան պահպանման համար պատասխանատուութիւնը կիսելու տեսանկիւնէն։ Այս թեմայի լոյսին տակ Մասիս Մայիլեան նշած է, որ կարգաւորման գործընթացին մէջ Արցախի կարգավիճակը՝ որպէս հակամարտութեան կողմ, օրինական է եւ անվիճելի, ինչը ամրագրուած է ԵԱՀԿ փաստաթուղթերով, ինչպէս նաեւ հրադադարի հաստատման եւ անոր ամրապնդման հետ կապուած համաձայնագիրերով։ Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ համանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու իրագործման հետ կապուած իրավիճակին վրայ՝ նշելով, որ հակամարտութեան չկարգաւորուած ըլլալը պէտք է խոչընդոտ հանդիսանայ Արցախի քաղաքացիներուն կողմէ իրենց անքակտելի իրաւունքներուն, այդ կարգին՝ զարգացման, անվտանգ ու արժանապատիւ կեանքի իրաւունքներու իւրացման գործին մէջ։
Ստեփանակերտի մէջ միջնորդները ձեռնպահ մնացին ճեպազրոյցէն. այցը ամփոփող յայտարարութիւնը կ’ընեն տարածաշրջանային այցը աւարտելէ ետք:
Իսկ Հոկտեմբեր 31ին միջնորդները առաջնագիծ պիտի մեկնին: Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում պիտի իրականացնէ Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանին՝ Ակնա-Հինդարխ ճանապարհահատուածին մէջ։ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփշիքի եւ անոր դաշտային օգնական Կենատիէ Փեթրիքայի հետ, դիտարկումին պիտի մասնակցին նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Էնտրիւ Շոֆերը եւ Սթեֆան Վիսքոնթին, ինչպէս նաեւ անոնց օգնականները:
Ստեփանակերտ