«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Եաաքուպ Սարրաֆը եւ իր հայ գործընկերը՝ Դաւիթ Տօնոյեանը, Ուրբաթ հանդիպում ունեցան ՊՆի կեդրոնատեղիին մէջ, որուն ընթացքին ստորագրեցին երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր: Այս մասին կը հաղորդեն պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեանը եւ հայրենի պատուիրակութիւն մը:






