Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Միջեկեղեցական Այցելութիւնները

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Նարեկ Արքեպիսկոպոս 3 Հոկտեմբերէն 2 Նոյեմբեր 2018-ի ընթացքին այցելեց Հայ կաթողիկէ, Հայ աւետարանական, Մարոնիթ, Յոյն ուղղափառ, Ասորի ուղղափառ, Ղպտի ուղղափառ, Յոյն կաթոլիկ, Ասորի կաթոլիկ եւ Արաբ աւետարանական հոգեւոր պետերուն ու Լիբանանի առաջնորդներուն, եւ քննարկեց Լիբանանն ու քրիստոնէութիւնը յուզող բազմաբնոյթ հարցեր։

Սրբազան Հօր միջեկեղեցական փորձառութիւնը եւ պետերուն ու առաջնորդներուն հետ տարիներու ծանօթութիւնը նպաստեցին, որ Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւոր պետերուն հետ սերտէ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ միասնաբար ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւնները։

Նարեկ Արքեպիսկոպոս բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ հաւաքական աշխատանքը յաջողութեան գրաւականն է, եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու հիմքը կը հանդիսանայ քրիստոնէական սէրը, յարգանքն ու գործակցութիւնը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին