«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ընդհանուր անվտանգութեան գործակալութեան Ուրբաթ օրուան յայտարարութեան համաձայն՝ ընթացիկ տարուան Յուլիս ամիսէն ի վեր 87,670 գաղթական վերադարձած է Սուրիա, որոնցմէ մաս մը՝ Ընդհանուր անվտանգութեան նախաձեռնած ծրագիրով, իսկ մնացածը՝ անձնական միջոցներով:
Յիշեցնենք, որ Հինգշաբթի տեղի ունեցաւ 500 սուրիացի գաղթականներու տունդարձը՝ կազմակերպութեամբ Ընդհանուր անվտանգութեան գործակալութեան:






