Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Մարդ, Որ Բոլորիս Ցոյց Տուաւ Իսթամպուլը. Արա Կիւլերի Մասին Փամուքի Յուզիչ Յօդուածը Տպագրուած Է «New York Times»ի Մէջ

Գրականութեան Նոպելեան մրցանակակիր, թուրք գրող Օրհան Փամուքը ամերիկեան հեղինակաւոր «New York Times» պարբերականին մէջ հրապարակած է լայնածաւալ յօդուած մը պոլսահայ երջանկայիշատակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, «Մարդ, որ մեզ ցոյց տուաւ Իսթամպուլը» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ ան անդրադարձած է լուսանկարիչի հետ իր ծանօթութեան, Կիւլերի երկարամեայ գործունէութեան ու հայկական արմատներուն:

Փամուքը կը նշէ, որ ժամանակակից Իսթամպուլի մեծագոյն լուսանկարիչը ծնած է հայկական ընտանիքի մէջ: «Առաջին անգամ Արայի մասին լսեցի 1960ականներուն, երբ տեսայ իր լուսանկարները լայն տարածում ունեցող «Հայաթ» ամսագիրին մէջ: Հօրեղբայրներէս մէկը ամսագիրի խմբագիրներէն էր: Արան այստեղ կը տպագրէր այնպիսի արուեստագէտներու լուսանկարներ, ինչպիսիք էին Փիքասօն եւ Տալին: Երբ իմ «Սեւ գիրքը» վէպի յաջողութենէն ետք Արան առաջին անգամ ինծի լուսանկարեց, ես ուրախութեամբ գիտակցեցայ, որ իսկապէս գրող դարձած եմ»,- յօդուածին մէջ կը պատմէ Փամուքը:

Ան կը նշէ, որ լուսանկարիչի հետ իր ընկերութիւնը սկսաւ 2003 թուականէն, երբ իր գիրքին համար լուսանկարներ կը փնտռէր Կիւլերի բազմահազարանոց լուսանկարչական արխիւէն: «Մեր ընկերութեան սկզբնական շրջանին մենք երբեք չէինք խօսիր Արայի հայկական արմատներուն եւ օսմանեան հայերը կոտորելու ցաւոտ պատմութեան մասին՝ թեմա մը, որ մինչ օրս Թուրքիոյ մէջ կ’արգիլուի: Ես զգացի, որ դժուար կ’ըլլայ այս թեմայով խօսիլ իրեն հետ, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ լարուածութիւն յառաջացնել մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Իսկ ան գիտէր, որ այդ թեմայով խօսիլը կը բարդացնէր կեանքը Թուրքիոյ մէջ: Տարիներու ընթացքին ան ինծը աւելի վստահեցաւ եւ սկսաւ երբեմն անդրադառնալ այնպիսի քաղաքական թեմաներու, որոնց մասին ուրիշներու հետ չէր խօսիր: Ան պատմեց, որ 1942 թուականին, խուսափելու համար թրքական կառավարութեան հռչակած «Ունեցուածքի հարկ»էն, որ կը վերաբերէր բացառապէս ոչ իսլամական քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ խուսանաւելով աշխատանքային պարտադիր ճամբար արտաքսուելէ, իր դեղագործ հայրը ձգած էր Կալաթասարայի մէջ իր տունն ու ամիսներ շարունակ թաքնուած է ուրիշի տունը՝ որեւէ ատեն փողոց դուրս չգալով:

Ան ինծի հետ խօսեցաւ 1955 թուականի Սեպտեմբեր 6ի գիշերուան մասին, երբ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետեւանքով թուրք-յունական լարուած յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը զօրահաւաքեց աւազակային խումբերը, որոնք յարձակեցան յոյներու, հայերու եւ հրեաներու պատկանող խանութներուն վրայ, պղծեցին եկեղեցիներն ու աղօթատուները: 1955 թուականին հայկական ու յունական բազմաթիւ ընտանիքներ լքեցին Իսթամպուլի իրենց տուները: 1960ականներուն շատ քիչերը մնացած էին:

Ես եւ Արան կը խօսէինք, թէ ան ի՛նչպէս կը լուսանկարէր այս ու նմանօրինակ միւս դէպքերը: Այդուհանդերձ, մենք չանդրադարձանք օսմանեան հայերու՝ Արայի նախնիներու ոչնչացման հարցին»,- կը գրէ Փամուքը:

Երբ 2005 թուականին թուրք գրողը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ բողոքած էր, որ Թուրքիոյ մէջ չկայ միտքի ազատութիւն, այդ երկրին մէջ անհնար է խօսիլ այնպիսի սարսափելի դէպքերու մասին, ինչպէս 90 տարի առաջ օսմանեան հայերու հետ տեղի ունեցածն էր, թրքականութիւնը վիրաւորելու հիմնաւորմամբ իրեն կանչած էին դատարան, յարուցուած էր քրէական գործ, որ կրնար աւարտիլ մինչեւ երեք տարուան ազատազրկումով: Այդ դէպքերէն երկու տարի անց սպաննուեցաւ հայ լրագրող Հրանդ Տինքը: «Շատ պարբերականներ սկսան գրել, որ ես կրնամ ըլլալ յաջորդը: Ինծի ուղղուած մահուան սպառնալիքներուն, իմ դէմ յարուցուած քրէական գործերուն եւ ազգայնական մամուլի կողմէ տարուող հակաքարոզչութեան պատճառով սկսած էի աւելի շատ ժամանակ անցընել արտասահմանի՝ Նիւ Եորքի մէջ: Իսթամպուլ կը վերադառնայի միայն շատ կարճ ժամանակով՝ այդ ալ առանց ոեւէ մէկուն ըսելու:

Հրանդ Տինքի սպանութեանը յաջորդող շրջանին, Նիւ Եորքէն տուն՝ Իսթամպուլ կատարած կարճաժամկէտ այցերէս մէկուն ժամանակ, գրասենեակն էի, երբ հեռախօսը սկսաւ անդադար զանգահարել: Այդ օրերուն ես չէի պատասխաներ հեռախօսազանգերուն: Սակայն զանգը չէր դադրէր: Ոչ հեշտութեամբ, սակայն ի վերջոյ բարձրացուցի լսափողը: Ճանչցայ Արայի ձայնը: «Օ՜, դուն վերադարձած ես: Ես հիմա կու գամ»,- ըսաւ ան: 15 վայրկեան անց, Արան մտաւ գրասենեակս: Ան շնչակտուր էր, իր սովորութեան համաձայն կը հայհոյէր բոլորին: Ապա ան փարեցաւ ինծի ու սկսաւ լալ: Անոնք, որոնք կը ճանչնային Արան, կը հասկնան զարմանքս, երբ զինքը այդպէս թաց աչքերով տեսայ: Ան սկսաւ երդում ընել ու ըսել. «Անոնք՝ այդ մարդիկը, չեն կրնար դպնալ քեզի»: Իր արցունքները չէին դադրեր: Ու որքան աւելի շատ կու լար, այնքան աւելի շատ կը պարուրէր ինծի մեղքի զգացումը, եւ ես ինծի կաթուածահար կը զգայի: Երկար լալէ ետք Արան ի վերջոյ հանգստացաւ, ապա բաժակ մը ջուր խմելէ ետք հեռացաւ, կարծես միայն անոր համար եկած էր իմ քովս:

Անկէ ետք մենք նորէն մի քանի անգամ հանդիպեցանք: Ես այլեւս երբեք անհրաժեշտութիւն չզգացի հարցնել իրեն իր նախնիներուն մասին: Մեծն լուսանկարիչը արդէն ամէն բան պատմած էր ինծի իր արցունքներուն ընդմէջէն»,- կը գրէ Փամուքը:

Ան կը նշէ, որ պոլսահայ լուսանկարիչը մշտապէս կ’երազէր ժողովրդավարութեան մասին, ուր բոլոր անհատները կարենային ազատօրէն խօսիլ իրենց սպաննուած նախնիներուն մասին, կամ, առնուազն, կարենային ազատ սգալ անոնց համար: «Թուրքիան երբեք չդարձաւ նման ժողովրդավար երկիր: Նախորդ 15 տարիներու յաջողութիւնը, պարտքով վերցուցած գումարներու հաշուոյն տնտեսական աճի ժամանակաշրջանը օգտագործուեցաւ ոչ թէ ժողովրդավարութիւնը ընդլայնելու, այլ ազատութիւնները աւելի սահմանափակելու համար: Եւ այս ամէնէն ետք Արա Կիւլերի հին Իսթամպուլը վերածուած է, ինչպէս իր գիրքերէն մէկը վերնագրուած է, «Կորուսեալ Իսթամպուլ»ի»,- կ’եզրափակէ յօդուածը Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին