Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

ԱՊՀի Երկիրներու Կառավարութիւններու Ղեկավարները Համագործակցութեան 18 Փաստաթուղթ Ստորագրած Են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ –  ԱՊՀի երկիրներու վարչապետները Համագործակցութեան կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի՝ Նոյեմբեր 2ին Ասթանայի մէջ կայացած նիստի ծիրէն ներս 18 փաստաթուղթ ստորագրած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան մասին, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը: Անոնց շարքին է միջուկային վթարի պարագային փոխօգնութեան մասին համաձայնագիրը:

Միւս փաստաթուղթերը կը վերաբերին համագործակցութեան ուժաբանական մեքենաշինութեան, տեղեկութեան փոխանակման, թափօններու վերամշակման, մարդասիրական հարցերու, մտաւոր սեփականութեան եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ: ԱՊՀի կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդը որոշում ընդունած է յատկացումներ ընել 2019 թուականին հակաօդային պաշտպանութեան միաւորուած համակարգի ստեղծման ու զարգացման: Նաեւ համաձայնագիր ստորագրուած է տիեզերքի հետազօտման ասպարէզին մէջ համատեղ աշխատանքի վերաբերեալ: Կողմերը համաձայնեցուցած են ԱՊՀի մարմիններու 2019-2020 թուականներու միասնական պիւտճէն, համագործակցութեան աշխատանքը կարգաւորող ֆինանսական ու իրաւաբանական միւս փաստաթուղթերը, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին