«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ուրբաթ նախագահ Միշէլ Աուն Չորեքշաբթի օրուան հարցազրոյցէն ետք, ուր երկրի բարձրագոյն ղեկավարը վերահաստատեց քաղաքական գետնի վրայ ունեցած դիրքորոշումները, տարբեր կողմերու հետ համապատասխան շփումներով ու խորհրդակցութիւններով հետեւեցաւ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին: Այս մասին կը յայտարարեն նախագահական գրասենեակէն:






