Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

«Երազէ՛, Իրագործէ՛… Ներդրողներ Հայրենիքի Մէջ » – 1 – Ճիշդ Քայլերով, Համբերութեամբ Հասանք Անոր, Ինչ Ունինք Այսօր…

Հարցազրոյց՝ Հայաստանի Մէջ Ներդրող «Կուրմէ Տուրմէ» Հայկական Շոքոլայի Համա-հիմնադիր Տիրան Պաղտատեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

«Զարթօնք»ը կը սկսի «Երազէ, իրագործէ… Ներդրողներ Հայրենիքի մէջ» խորագրով հարցազրոյցներու շարք Հայաստան բնակող սփիւռքահայերու, հայրենադարձներու, երկրին մէջ ներդրումներ կատարող արտասահմանցի գործարարներու հետ: Մեր շարքի առաջին հիւրը 2005 թուականէն Հայաստան բնակող  լիբանանահայ Տիրան Պաղտատեանն է, որ իր եղբօր՝ Փիեռ Պաղտատեանի հետ հիմնադրած են հայկական ձեռագործ «Կուրմէ Տուրմէ» շոքոլայի ապրանքանիշը: Ի դէպ, Փիեռ Պաղտատեանի հետ հարցազրոյցը՝ յաջորդիւ:

Շոքոլայի ապրանքանիշը ստեղծուած է Հայաստանի մէջ 2007 թուականին Ֆրանսայէն եւ Աւստրիայէն հայրենադարձուած երկու եղբայրներու` Փիեռ եւ Տիրան Պաղտատեաններու կողմէ: Պաղտատեան եղբայրները ծնած ու մեծցած են Լիբանանի մէջ, սակայն քաղաքացիական պատերազմը սկսելէ ետք հաստատուած են Աւստրիա ու Ֆրանսա, ուրկէ հայրենիքի կանչով եկած են Հայաստան: Պաղտատեաններու ընտանիքը Լիբանանի մէջ զբաղած է տարբեր իրերու փաթեթաւորմամբ: Հայրենիք վերադառնալէ ետք փորձած են այստեղ շարունակել գործը, սակայն չէ յաջողած: Շուկան ուսումնասիրելէ ետք, եղբայրները որոշած են ստեղծել իւրայատուկ ու նրբահամ հայկական ձեռագործ շոքոլայ՝ գեղեցիկ փաթեթաւորմամբ, հայերէն տարատեսակ բովանդակութեամբ ու մեծ սիրով: «Կուրմէ Տուրմէ»ն ստեղծելու ժամանակ եղբայրները ոչ մեծ գումարներ, ոչ ալ ազդեցիկ ծանօթներ ունեցած ենք: Հայաստանի մէջ պիզնես հիմնելը, թղթաբանութիւնը, ըստ Տիրան Պաղտատեանի, բաւական հեշտ է, միեւնոյն ժամանակ որեւէ գործ սկսելու համար անհրաժեշտ է համբերութիւն ու լաւատեսութիւն: Նոյն վերջին յատկանիշն ալ Պաղտատեան եղբայրներու յաջողութեան գաղտնիքն է

«Զարթօնք»ի Երեւանի աշխատակիցը՝ Տիրան Պաղտատեանի հետ հարցազրոյցէն ետք այցելած է «Կուրմէ Տուրմէ» շոքոլայի արտադրամաս, ծանօթացած նրբահամ շոքոլայի ստեղծման պատմութեան ու ընկերութեան, փոքրիկ, բայց կուռ ընտանիքին:

Պարոն Պաղտատեան, ուրախ եմ Ձեզի հետ հարցազրոյց ընելու հնարաւորութիւն ունենալու համար: Առաջին հարցը, որ կ»ուզեմ տալ, հետեւեալն է՝ ինչո՞ւ որոշեցիք գալ եւ բնակիլ Հայաստան:

– Մենք ծնած եւ ապրած ենք Լիբանան: 2005 թուականին, երբ զգացինք, որ առիթը հասունցած է, որոշեցինք գալ եւ բնակութիւն հաստատել Հայաստան: Մեր նախահայրերը առանց որեւէ բան ունենալու գացած են այլ երկիրներ, սկսած են զերոյէն ու հասած մեծ բարձունքներու: Չեմ կրնար ըսել, որ մենք զերոյէն սկսած ենք, քանի որ մենք եկած ենք մեր հայրենիքը, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, այնտեղէն ներշնչուիլն ու բան մը սկսիլը աւելի հեշտ էր, քան մեր նախահայրերուն համար: Մեր մէջ երազ ու ոխ կայ ցեղասպանութիւն ընողներուն հանդէպ: Մեր մեծ մայրերը միշտ լացած ու պատմած են այն դժուարութիւնները, զորս ունեցած են: Մեր նախահայրերը երազած են գալ հայրենիք, բայց այդ հնարաւորութիւնը չեն ունեցած, իսկ մենք ունինք, ինչո՞ւ չգանք: Մենք չէինք կրնար այդ ոխը զէնքի ձեւով վերադարձնել, բայց փոխարէնը կը վերադարձնենք հայրենադարձութեամբ, քանի որ ցեղասպանութենէն ետք երկիրը դատարկուած էր:

– Ուրկէ՞  են Պաղտատեանները եւ ինչո՞վ զբաղած էք Լիբանանի մէջ: 

– Մայրական կողմը Կարինէն է, որբ եղած են, հայրական կողմը նոյնպէս որբ եղած են, Զէյթունէն: Մենք ծնած ենք Լիբանան: Ամէն ինչ զերոյէն սկսած են՝ առանց լեզու գիտնալու, Լիբանանի պատերազմներով: Բայց մենք կրցած ենք ուսում ստանալ, դպրոց երթալ: Սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը նորէն ցաւցուց մեզ, նորէն ցոյց տուաւ, որ մենք գործ չունինք ուրիշ երկրի եւ ուրիշի խնդիրներուն մէջ: Մենք, ի հարկէ, շնորհակալ ենք այդ երկրին, որ այսքան հայեր կ’ընդունի: Մեր ընտանիքը այնտեղ հասաւ նկատառելի յաջողութեան. կարողացանք փաթեթաւորման գործարան ստեղծել: Նշեմ, որ տարբեր ընկերութիւններու հետ աշխատած են: Ճիշդ է, մի քանի անգամ ռումբերէն վնասուած է, բայց կայացած է, յառաջ գացած: Իսկ Հայաստանի անկախացումէն ետք մեր հայեացքը ուղղուած է դէպի հայրենիք: Ցաւօք, 1993 թուականին հայրս կեանքէն հեռացաւ, որմէ ետք մենք շարունակեցինք իր աշխատանքը: Երբ Հայաստան եկանք, առաջին միտքը այդ էր՝ ստեղծել փաթեթաւորման գործարան, որ չյաջողեցաւ, քանի որ 2005 թուականին Հայաստանի մէջ որակեալ փաթեթաւորման պահանջ չկար: Ապրանքներու փաթեթաւորումը պայման չէր որակեալ բան մը ըլլար, պարզապէս տուփի մէջ կը դնէին եւ վերջ: Այդ ժամանակ անյաջող էր մեզի համար, բայց չձգեցինք երկիրը ու չըսինք՝ սա մեզի համար չէր: Պարզապէս մեր սխալը ընդունեցինք եւ անցանք ուրիշ միտքի:

– Դուք 2007 թուականին Հայաստանի մէջ հիմնադրեցիք հայկական բարձրորակ շոքոլայի ապրանքանիշը՝ «Կուրմէ Տուրմէ»ն, որ այսօր մեծ պահանջարկ ունի ոչ միայն համի, այլեւ գեղեցիկ փաթեթաւորման ու մտայղացումներու շնորհիւ։ Ի՞նչպէս հասունցաւ հայկական շոքոլայ արտադրելու միտքը։

– Պահ մը զգացինք, որ Հայաստանի մէջ շոքոլան որպէս նուէր շատ կ’օգտագործեն, կը տեսնէինք նաեւ միջազգային ապրանքանիշերը: Մեր հայեացքը ուղղուեցաւ դէպի այն կողմը, որ, ինչո՛ւ չէ, կարելի է բարձր որակի փաթեթաւորումն ու շոքոլան իրարու հետ համատեղել եւ ստեղծել «Made in Armenia» տուփերով ու նուէրային միտքերով շոքոլայ: Այդ ժամանակ ալ մեզի կ’ըսէին, որ պիտի չքալէ գործը, բայց մենք չլսեցինք ու համոզուած էինք, որ շոքոլայի հանդէպ սէրն ու մեր փաթեթաւորումը մեզ յառաջ կը տանի, ու այսօր ապացուցուեցաւ ատիկա: Իսկ անուանումը ֆրանսական եւ հայկական համադրութիւն է: «Կուրմէ» կը նշանակէ ախորժալի, իսկ «տուրմ»ը շատերը չեն գիտեր, որ հայերէնի մէջ շոքոլայի անուանումն է: Կ’ուզէինք ուսուցողական ըլլար, որպէսզի մարդիկ տուրմ ըսէին շոքոլային:

– Ոսկեղէնիկ հայերէն է տուրմ բառը, ինչ որ շատերը չեն գիտեր:

– Այո, այո:

– Այստեղ ընկերութիւնը քանի՞ աշխատատեղի կ’ապահովէ, ի՞նչ ծաւալի է ձեր պիզնեսը:

– Հակառակ մեր այսքան հնչեղ անունին՝ շատերը չեն գիտեր, որ շատ մեծ ծաւալի չէ մեր պիզնեսը, այլ իր ձեռագործ աշխատանքով նման է Պելճիքայի, Աւստիայի շոքոլայի ձեռագործ պիզնեսներուն: Այսինքն՝ մեր արտադրանքը մեծ քաղաքներ չուղարկուիր կամ մեծ խանութներու մէջ առկայ չէ ու ոչ ալ կ’ըլլայ, այլ առկայ է իր փոքր խանութներուն մէջ: Մեր մօտ այս տարի աշխատատեղիներու թիւը հասաւ 30ի: Սկզբնական շրջանին աշխատողներու թիւը երեք էր՝ չգիտնալով, թէ ստոյգ քանի ամիս կ’աշխատինք: Բայց ճիշդ քայլերով, համբերութեամբ հասանք այստեղ, բայց այս ալ բաւարար չէ, պէտք է աշխատինք: Մեր շոքոլան ոչ այսօր, ոչ 10 տարի ետք չի կրնար յայտնուիլ սուբերմարքեթներու դարակներուն մէջ, ան ուղղակի կրնայ խանութներու տեսքով շատնալ: Մենք Հայաստանի մէջ ունինք 4 խանութ՝ Տալմա Մոլի, Երեւան Մոլի եւ Աբովեան փողոցի ու օդակայանին մէջ: Մենք կ’ուզենք Կիւմրիի, Վանաձորի, Ստեփանակերտի մէջ բանալ խանութներ, բայց քիչ մը դժուար է 12 ամիս խանութ պահել, քանի որ մարդոց կարողութիւնը տակաւին քիչ է: Որոշեցինք անոր փոխարէն Եւրասիական երկիրներէն մէկուն մէջ բանալ, որովհետեւ մեծ հնարաւորութիւններ կ’ընձեռէ: Մենք Ապրիլ 1ին Մոսկուայի մէջ բացինք մեր փոքրիկ խանութը: Մենք երբ կը ստեղծէինք այս շոքոլան, կ’երազէինք, որ ան դառնայ առօրեայ բոլոր տարիքային խումբերուն համար: Մենք կ’ուզէինք, որ եթէ մարդիկ ցանկան տեղ մը երթալ, անցնին մեր խանութէն, ու անոր վրայ մենք աշխատեցանք: Հիմա ան դարձած է 1-90 տարեկաններու համար նուէրային ամէնօրեայ շոքոլայ:

– Գաղտնիք չէ, որ որեւէ պիզնես սկսելու համար դժուարութիւնները անխուսափելի են: Սկզբնական շրջանին ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպած էք դուք։ Պիզնես հիմնելու հիմնական բարդութիւնները որո՞նք են Հայաստանի մէջ:

– Տեսէք, Հայաստանի մէջ պիզնես ստեղծելու, գանձելու հետ կապուած թղթաբանութիւնը դիւրին է: Դժուարութիւնները ժողովուրդի մտածելակերպին մէջ է, քանի որ չի հաւատար, որ Հայաստանի մէջ կարելի է բարձրորակ ապրանք ստեղծել: Ատիկա մեզի համար յաղթահարելը հեշտ էր, քանի որ մենք ամէնօրեայ զրոյցներով կը բացատէինք, որ ինչպէս Եւրոպայի մէջ, այնպէս ալ այստեղ պէտք է աշխատիլ, որովհետեւ մեր հմտութիւնները աւելի շատ են: Կը մնար մարդոց համոզել: Մարդոց մէջ կարծրատիպերը այնքան ուժեղ են, սովետէն մնացած, պատմութենէն մնացած, որ մենք չենք հաւատար մեր ուժերուն: Մենք կարողացանք մեր խումբի աշխատողներուն մօտ կոտրել այդ կարծրատիպերը ու երթալ յառաջ: Ի հարկէ, մինչեւ այսօր ալ կը հանդիպինք նման կարծրատիպերու, մարդիկ կ’ըսեն՝ դժուար է, անհնար է: Մեր մօտ անհնար բան չկար: Օրէնքներու առումով, եթէ հարկերը բնականոն կերպով վճարես, ինչպէս մենք կ’ընէինք, ոչ ոք կը յանդգնի մօտենալ: Մեզի հետ այդպէս եղաւ: Մեզ ոեւէ մէկը չէ խանգարած: Ի հարկէ, կը նախընտրէինք այդքան չվճարել հարկեր, օրէնքները աւելի փափուկ ըլլային, բայց սա մեր երկիրն է: Մենք բաւական ատեն նամակներ գրած ենք, որոշ օրէնքներ փոխուած են մեր շնորհիւ: Ուր որ ապրած ենք, միշտ հարկեր վճարած ենք, որպէսզի դժուարութիւններու մէջ չիյնանք:

Ձեր պիզնեսի փորձով կրնա՞ք ըսել՝ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի Հայաստանի մէջ ներդրումային դաշտը զարգանայ, տնտեսութիւնը զարգանայ եւ ի վերջոյ  կարողանանք սպառողին հրամցնել որակեալ ու մատչելի արտադրանք։  Ի՞նչ տարբերութիւն կայ Հայաստանի մէջ պիզնես ընելու եւ դուրսը՝ Լիբանանի, Եւրոպայի մէջ պիզնես հիմնելու ու անով զբաղելու մէջ։

– Պիզնեսի մէջ հիմնականօրէն շատ մեծ տարբերութիւն չկայ: Պիզնեսը պէտք է հիմնել, գովազդ պէտք է, ճիշդ ապրանք ունենալ պէտք է: Բոլոր երկիրներուն մէջ նոյն հիմքերն են: Բայց ես Հայաստանի պարագային բան մը կ’առանձնացնեմ: Տուեալ մարդը պէտք է մեծ եռանդով ու ուրախութեամբ աշխատի: Ես ուրախ եմ, որ այսօր կ’ապրիմ իմ հայրենիքիս մէջ, իմ երեխաներս կը շփուին ինծի նման մարդոց հետ, կ’երթան թատրոններու, համերգներու, այդ ամէնը մարդուն դրական լիցքեր կու տայ: Եթէ չըլլան այդ դրական լիցքերը, լաւ աշխատիլ չենք կրնար: Եթէ ես ըլլայի որեւէ այլ երկրի մէջ, որ աւելի զարգացած է, հարուստ է, ես այդ եռանդով չէի աշխատիր ու հետեւաբար իմ գործս ճիշդ ու լաւ չէր ըլլար, ինչպէս այստեղ է:

Հաշուի առնելով հայերու ծագումնաբանական ու բնաւորութեան տարբերութիւններն ու առանձնայատկութիւնները՝ դուք ի՞նչ կրնաք ըսել՝ պետութիւն-գործատու, սպառող-գործատու յարաբերութիւններու տարբերութեան մասին:

– Պետութիւնը կը փորձէ բարոյական բոլոր մակարդակներու վրայ աջակցիլ մեզի: Մի քանի տարի առաջ գիւղատնտեսութեան նախարարը եկած էր մեզի շքանշան տալու, մենք նոյնիսկ չէինք ճանչնար զինքը: Իսկ մնացած առումով բոլոր երկիրներուն մէջ ալ նոյնն է: Ի հարկէ, հեշտ չէ պիզնես վարելը, խօսելով չէ: Բայց եթէ ուզես զարգանալ Հայաստանի մէջ, կը յաջողիս բաւականին յառաջ երթալ: Այստեղ որոշ բաներ շատ աւելի արժան են, քան դուրսը: Այսինքն՝ պետութիւնը քննադատելով ու դժգոհելով չ’ըլլար: Մեր ազգը շատ հարկ վճարել չի սիրեր: Ինծի կը թուի՝ 600 տարի պետականութիւն չունենալը հեշտ բան չէ: Մենք չենք ուզած վճարել հարկ, քանի որ թուրքը մեր դէմ էր, միշտ դժգոհած ենք երկրէն, քանի որ մեր երկիրը չէ եղած ու մեզ իշխած են: Բայց պէտք է հասկնանք, որ այլեւս մեր պետութիւնը կայ, ուր հարկ վճարելը ճիշդ է, չդժգոհիլը ճիշդ է, մեր երկիրը գովելը ճիշդ է: Օրինակ ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւնը շատ բան փոխեց: Մարդիկ, որ չէին հաւատար, միաժամանակ հասկցան, որ կարելի է: Այդ մէկը շատ մեծ նուաճում է: Շատերը կը կարծէին՝ որեւէ բան չի փոխուիր, երկիրը երկիր չի դառնար, հիմա հակառակը կը մտածեն: Այդ կարծրատիպը, որ 2018 թուականին կոտրուեցաւ, նոր սերունդին ուժ կու տայ հաւատալու, որ երկիրը երկիր է:

– Ի՞նչ կ’ըսէք այն մարդոց, որոնք թերեւս ցանկութիւն ունին գալ եւ Հայաստան բնակիլ, բայց ինչ-ինչ պատճառներով չեն կրնար:

– Գիտէք, ցանկութիւնը անվախութիւն կը պահանջէ: Յատկապէս այս հարցով պէտք է անվախութիւն ունենալ ու որոշել փրկել մեր ազգը, երեխաները՝ դուրսի օտարութենէն: Այսօրուընէ պէտք է աշխատիլ: Ոեւէ մէկը կրնայ ընել, կարեւորը ցանկութիւնն է: Պէտք է նայիլ հեռուն ու հասկնալ, որ դուք հայրենադարձութեամբ կը փրկէք ձեր սերունդը: Այսօր Սփիւռքի մէջ համարեայ թէ անհնար է փրկել յաջորդ սերունդները: Մարդիկ, նոյնիսկ ամենալաւ գաղութներուն մէջ, հայերէն չեն խօսիր, շատ կը հեռանան իրենց ազգէն: Ժամանակն է, որ փրկենք նոր սերունդները, հայրենադարձութեան միջոցով: Մենք հայապահպանութեան շատ մեծ խնդիր ունինք: Նոյնիսկ հայկական դպրոցներէն դուրս եկածներու համար հայապահպանութիւնը երկրորդական, երրորդական հարց է: Ցաւօք, ժամանակները փոխուած են, առաջ այդպէս չէր: Եթէ կ’ուզեն իրենց երեխաները փրկել, պէտք է հայրենադարձուին: Ինչքան կ’ուզեն համոզել, ես շատ օրինակներ ունիմ իմ մօտիկ ու հեռու ծանօթներէս, որոնք արդէն յանձնուած են ու կ’ապրին այլ երկիր: Պէտք է այս հարցով հիմա զբաղիլ: Գաղութը պէտք է ինքը քայլերու ձեռնարկէ այդ ուղղութեամբ: Ճիշդ է, պետական մաշտաբով պէտք է ծրագիրներ կեանքի կոչուին, բայց նաեւ պէտք է աշխատանքներ տարուին գաղութի ներքին ղեկավարներուն հետ: Չեմ գիտեր՝ այդ գաղութներուն ղեկավարները ինչքանո՞վ կ’ուզեն, որ հայրենադարձութիւն ըլլայ, քանի որ ես նկատած եմ՝ այլ համայնքներու մէջ չեն  ցանկար, որ մարդիկ իրենց երկրէն հեռանան, որպէսզի կուսակցութիւններն ու եկեղեցին աւելի մարդաշատ ըլլան: Այսօր պէտք է եկեղեցական ու կուսակցական շահերը մէկ կողմ դնել ու աշխատիլ հայրենադարձութեան վրայ: Մարդոց պէտք է ամէն օր յորդորենք, յուշենք, որ ժամանակն է հայրենադարձուելու:

– Մենք այսօր կը յաջողի՞նք Սփիւռքի ներուժը ի նպաստ Հայաստանի օգտագործել:

– Ինծի կը թուի՝ որոշ չափով: Մարդիկ, եթէ շատ բծախնդիր չեն, կ’օգնեն Հայաստանին: Բայց մարդիկ կան, որոնք կը սիրեն, որ ամէն ինչ մաքուր ափսէի մէջ իրենց տան: Սփիւռքի մէջ դեռ շատ ներուժ կայ, որ կարելի է բերել Հայաստան: Ինծի կը թուի՝ նոր Հայաստանի մէջ աւելի կը քաջալերուին ոչ միայն օգնելով, այլեւ այստեղ գալով պիզնես ընելով, աշխատատեղիներ ստեղծելով ու դրամ վաստակելով: Այդ ձեւով կարելի է համոզել իրենց: Պետութիւնը կ’ըսէ՝ եկո՛ւր, եթէ իրենք չեն գար, մեղքը իրենց վրայ է: Ստիպելով չ’ըլլար:

– Դուք խօսեցա՞ք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան մասին: Ունի՞ք ծանօթներ, որոնք ցանկութիւն յայտնած են կամ որոշում կայացուցած են հայրենադարձուելու:

– Որոշում կայացուցած են, բայց դեռ չեն տեղափոխուած, քանի որ ժամանակը քիչ է: Բայց ես գիտեմ երկու-երեք ընտանիք, որոնք ծրագրած են յառաջիկայ տարի տեղափոխուիլ Հայաստան՝ զգալով, որ մթնոլորտը բարեհամբոյր է ու կարելի է այդ քայլին դիմել: Գիտէք, ատիկա կոճակի նման չէ, ամիսներ անցած են, հեշտ չէ մարդոց ամէն ինչէն կտրել ու բերել հայրենիք: Գոնէ մէկ տարի պէտք է մտածել այդ մասին, թէ այնտեղ ինչ կը ձգէ, այստեղ ինչ պիտի ստեղծէ եւ այլն: Ես տարիներով մարդոց կը համոզէի, որ հայրենադարձուին: Մեր նման շատ քիչերն են, որ կիսախենթ են: Անոնք կ’ուզեն ապահովութեան մակարդակը աւելի բարձր ըլլայ, յետոյ գան:

– Եղա՞ծ է պահ մը, երբ հիասթափուած էք ու մտածած Հայաստանէն հեռանալու մասին, թէկուզ չբարձրաձայնելով այդ մասին:

– Ոչ մէկ օր, ոչ մէկ վայրկեան: Ես Հայաստան գալս ոչ մէկ ձեւով կապած եմ այդ վատ կարգախօսի հետ՝ «Ուր հաց, այնտեղ կաց»: Այդ ալ մեր ազգի վատ բնաւորութիւններէն մէկն է՝ «մեզի համար առաջին, երկրորդ, երրորդ տեղը զբաղեցուցած է դրամը, յետոյ հայրենիքը»: Իսկ մեր ընտանիքին մօտ առաջինը եղած է հայրենիքը, իսկ հացը որեւէ տեղ կրնաս ճարել: Ամէն երկրի մէջ ալ թերութիւններ կան, բոլոր ազգերն ալ թերութիւններ ունին: Մենք չենք մտածեր ձգել ու երթալ:

– Եւ հարցազրոյցի վերջաւորութեան ի՞նչ հարց կ’ուղղէք մեր յաջորդ հարցազրոյցի հիւրին, որ նոյնպէս Հայաստան կը բնակի, պիզնեսով զբաղող սփիւռքահայ կամ հայրենադարձ է:

– Շատ բարի: Իմ հարցս հետեւեալն է՝ դուք ի՞նչ կ’ընէք, որ այս աշխարհէն հեռանալէ առաջ Հայաստանի մէջ բան մը աւանդէք մեր ազգին: Ես կը հարցնեմ՝ կը մտածէ՞ք այդ ուղղութեամբ, թէ ի՞նչ պիտի աւանդէք հայրենիքին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին