Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է “Prime Healthcare” ընկերութեան նախագահ, ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեանը։ Ան ԱՄՆ-ի առողջապահական ոլորտի հանրածանօթ ներկայացուցիչ է և ԱՄՆ-ի 14 նահանգներու 45 հիւանդանոց ներառող խոշոր ցանցին ղեկավարն է:
Ողջունելով Մայք Սարեանի առաջին այցը Հայաստան՝ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը բարձր գնահատած է անոր երկարամեայ մասնագիտական գործունէութիւնը, ինչպէս նաև դերակատարութիւնը ամերիկահայ համայնքի կեանքէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն մէջ: Նիկոլ Փաշինեանը համոզուած է, որ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կը ձևաւորուի, որ կը նպաստէ առողջապահութեան ոլորտէն ներս բարեփոխումներու արդիւնաւէտութեան բարձրացումին:
Մայք Սարեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Նիկոլ Փաշինեանին ընդունելութեան համար, նշած է, որ հպարտ է հնարաւորութիւն ունենալ՝ որպէս հայ իր նպաստը բերելու հայրենիքի յառաջընթացին:
Վարչապետի պաշտօնակատարը ողջունած է Մայք Սարեանի գործնական տրամադրուածութիւնը և ընդգծած, որ Հայաստանի համար այս նոր և կարևոր ժամանակաշրջանին անհրաժեշտ է աշխարհասփիւռ հայութեան մեծ ներուժը ներգրաւել մեր երկրի ապագայի կառուցման գործին մէջ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են առողջապահութեան ապահովագրութեան, բժշկական հաստատութիւններու արդիականացման, մասնագիտական վերապատրաստման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով համագործակցութեան հեռանկարներու շուրջ: Պայմանաւորուած են, որ Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատարի հետ կայանալիք հանդիպումին ժամանակ աւելի մանրամասն կը քննարկուին յստակ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները:






