ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին (ընդունելութիւն՝ ժամը 6։00-ին), գրասէր եւ մշակութասէր հանրութեան ներկայացուեցաւ Տոքթ. Սարգիս Գարայեանի «Հայերը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, 1914-ին» նորատիպ հատորը։ Կազմակերպութեամբ Armenian Film Foundation-ի եւ գործակցութեամբ ՀԲԸՄ Պապայեան մանկավարժական հիմնարկի, մեծարժէք այս գիրքին ներկայացումը կայացաւ Առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ, Պրպենք։
Հանդիսավար Դոկտ. Քարլա Կարապետեանի (Armenian Film Foundation) բացման խօսքէն ետք, ան հրաւիրեց ողբացեալ Տոքթ. Սարգիս Գարայեանին դուստրը՝ Տիկ. Զելլա Գարայեան-Գարակէօզեանը, որ սրտառուչ ելոյթ մը ունեցաւ իր հօրը յիշատակին։ Գլխաւոր խօսքը վերապահուած էր ծաւալուն այս մեծ աշխատանքին հրատարակիչին՝ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Դոկտ. Արա Սարաֆեանին։ Ապա, քննարկումի ընթացքին, հրաւիրուեցան նաեւ պատմաբան Դոկտ. Կարօ Մոմճեանը, Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը (Մաշտոց քոլէճի նախագահ) եւ Քրիսփին Պրուքսը (USC Shoah Foundation), որոնք յայտնելէ ետք իրենց հեղինակաւոր կարծիքները, պատասխանեցին ներկաները յուզող հարցումներուն։
Բոլորն ալ շեշտեցին Տոքթ. Սարգիս Գարայեանի մանրակրկիտ ու հետեւողական երկար տարիներու աշխատանքը, երեւան հանելով աւելի քան չորս հազար Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայկական գիւղերու անուններն ու վայրերը, յիշելով անոնց ներկայ անունը Թուրքիոյ մէջ, յարակից բազմաթիւ տեղեկութիւններով։
Ապացոյցներու ապացոյցը կարելի է որակել հսկայական այս աշխատութիւնը, որուն դիմաց հեղինակը, յետ մահու, արժանի է մեր մեծագոյն գնահատականին։
Հանդիսութեան գեղարուեստական մասը նոյնպէս բարձրօրէն մատուցուեցաւ։ Նախ, ԼԱՐՔ-ի շրջանաւարտ եւ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Նանօր Տէր Պետրոսեան արհեստավարժօրէն ներկաներուն մատուցեց Բաբաջանեանի «Էլեգիա»ն եւ Խաչատուրեանի «Թոքաթա»ն (դաշնամուր), ապա՝ Հայաստանի օփերային փայլուն երգիչ Սուրէն Մկրտչեան (թենոր), մեներգեց նափոլիթանեան երգ մը եւ Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն։
Աւարտին, իր բարձր գնահատանքը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի, վեր առնելով հանգուցեալ Տոքթ. Սարգիս Գարայեանի մեղուաջան աշխատանքին արգասաւորումը։ Միաժամանակ, շնորհակալութիւն յայտնեց Դոկտ. Սիլվա Գարայեանին, որուն անմիջական գործակցութեամբ ծնունդ առաւ այս կարեւոր հատորին հրատարակութիւնը եւ գիրքը հանրութեան ներկայացնելու աշխատանքը։
Գիրքէն օրինակներ ունենալու համար դիմել՝ «Ապրիլ» գրատուն։
ԹՂԹԱԿԻՑ






