«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ազգային ժողովը երկրորդ փուլով դարձեալ Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետի պաշտօնին, ինչպէս կը նախատեսուէր. այսպիսով, Սահմանադրութեան համաձայն՝ իրաւունքի ուժող Վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովը պիտի արձակուի:
«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ` վարչապետի ընտրութեան համար գումարուած յատուկ նիստին «Ելք» խմբակցութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեանը չստացաւ ընտրուելու համար բաւարար ձայներ: Իր թեկնածութեան կողմ եւ դէմ չքուէարկեց ոեւէ պատգամաւոր, ձեռնպահ քուէարկեց 13 պատգամաւոր:
Վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր 53 կողմ ձայն:
Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Ազգային ժողովը պիտի արձակուի սահմանուած ժամկէտէն շուտ:






