Երէկ 1 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ նուիրուած Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի 80ամեակին:
Ներկայ էին բարձրաստիճան կղերականներ եւ պետական, կուսակցական ու միութենական ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ մեծ թիւով Մեսրոպեանականներ:
Ս. եւ անմահ Պատարագի աւարտին, զորս մատուցեց Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, տեղի ունեցաւ պատշաճ տօնակատարութիւն մը մասնակցութեամբ Մեսրոպեան Վարժարանի երգախումբին ու երաժշտական քառեակին, որուն ընթացքին խօսք առին վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստն ու Պատրիարքական Փոխանորդ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան: Աւարտին տեղի ունեցան պարգեւատրումներ:
Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:






