Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի խօսնակ Էնթընի Ռենտըն Կլենտէյլի մէջ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանի սրահին մէջ նախընտրական ընդունելութիւն մը սարքուած էր, աջակցելու համար Քալիֆորնիոյ համագումարի 44-րդ ընտրաշրջանի թեկնածու Լորա Ֆրիտմէնին։
Ֆրիտմէն, որ նախապէս եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետ եւ 8 տարիներու անդամ քաղաքային խորհուրդին, երկրորդ շրջանի մը համար թեկնածու է Նոյեմբեր 6-ի ընտրութեանց համագումարի 43-րդ ընտրաշրջանէն։ Ընտրական տարածքը կը ներառէ Կլենտէյլ, Պրպենք եւ Լա Քրեսենթա, Իկըլ Ռաք ու Լոս Ֆելիզ շրջանները, ուր շուրջ 140,000 ամերիկահայեր կ՚ապրին։
Ընտրական աշխատանքներու ծիրէն ներս կազմակերպուած այս ընդունելութեան, ներկայ էին հայ թէ օտար շուրջ 150-ի հասնող հիւրեր, ներկայացնելով զանազան համայնքներ ու կառոյցներ ընտրաշրջանէն ներս։ Ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի անդամներ՝ Վարդան Կարապետեանը, Փօլա Տըվայնը, Արա Նաճարեանը եւ Վրէժ Աղաճանեանը, ինչպէս նաեւ վարժարաններու միացեալ հոգաբարձութեան անդամներ՝ Նայիրի Նահապետեանն ու Շանթ Սահակեանը, քաղաքի յանձնակատար ընկեր Արա Ահարոնեանը։
Պրպենք քաղաքի ուսումնական խորհուրդի անդամ ու քոլէճի այցելու դասախօս՝ Արմանտ Աղախանիի բացման խօսքով հանգամանօրէն ներկայացուց Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի խօսնակ Պրն. Ռենտընը, որ եկած էր ներկայ գտնուելու յատուկ այս առիթով։ Ան խորհրդարանի անդամ ընտրուած էր 2012-ին ներկայացնելով Լէյքվուտ եւ Փարամաունթ քաղաքներու ընտրաշրջանը, ու դարձած խօսնակը Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանին՝ 2016 Դեկտեմբերին։
Տիկ. Ֆրիտմըն իր շնորհակալական խօսքը արտասանելէ ետք ներկաներուն, հանգամանօրէն ներկայացուց Խորհրդարանի խօսնակը, որոնք միասնաբար գտնուած էին 2017-ի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղ, ընկերակցութեամբ Խորհրդարանի միակ ամերիկահայ անդամ Պրն. Ատրին Նազարեանի։
Յարգարժան խօսնակը, խօսեցաւ որպէս տեմոքրաթ մեծամասնութեան ներկայացուցիչ, ներկայացուց 2018-էն սկսեալ այն ծրագիրները, որոնք նախատեսուած են նոր կառավարիչի ընտրութենէն ետք։ Իսկ Ֆրիտմըն եթէ վերընտրուի պիտի դառնայ փոխադրամիջոցներու ու ճանապարհաշինութեան յանձնաժողովի անդամ, ինչ որ Քալիֆորնիա նահանգի բարօրութեան համար կարեւոր կը դառնայ։
Աւելցնենք, որ Նոյեմբեր 6-ի ընդհանուր ընտրութեանց վերընտրելի են քոնկրէսի եւ նահանգային խորհրդարաններու ներկայացուցիչները՝ երկու տարուան ժամկէտով, իսկ կարգ մը նահանգներու ծերակուտականներու եւ կառավարիչներու ժամանակը աւարտած ըլլալով, ընտրական ցուցակներուն մաս կը կազմեն։ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ՝ Ճերի Պրաունն ալ աւարտած ըլլալով իր ութը տարիներու պաշտօնավարութիւնը, Միացեալ Նահանգներու ամենաբազմամարդ նահանգը պիտի ունենայ իր 40-րդ կառավարիչը Նոյեմբեր 6-ի ընտրութիւններուն։






