«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ Հինգշաբթի ի պատասխան սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչական առաջարկին, որ, ըստ իրեն, պատճառ հանդիսացաւ կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումին, ըսաւ. «Կեդրոնական դրամատան զեկոյցը սարսափելի է: Արդեօք սիւննի երեսփոխանները տեսա՞ն այդ զեկոյցը»,- ըսաւ Ժոմպլաթ:
Կեդրոնական դրամատան զեկոյցին մէջ Լիբանանը կը դասուի տնտեսապէս ամենավատ երկիրներու շարքին՝ մեխ համարելով բիւրակրատութիւնը, օրէնքներու անհամապատասխան գործելաձեւը եւ անարդիւնաւէտ ընթակարգերը:






