Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Անդրադարձ Կատարեց Համասեռամոլութեան Երեւոյթին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Նոյեմբեր 1ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընթացող Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը անդրադարձ կատարեց վերջին օրերուն հանրութիւնը յուզող` Հայաստանի մէջ համասեռամոլներու ժողովի կազմակերպման նախաձեռնութեան:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգէն կը տեղեկացնեն, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները մտահոգութիւն յայտնեցին ոչ ցանկալի զարգացումներու հաւանականութեան վերաբերեալ` ընդգծելով, որ համասեռամոլութեան վարքագիծի գովազդումը կը սպառնայ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն:

Քննարկումներու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը խնդիրին վերաբերեալ ներկայացուց իր դիտարկումները` մասնաւորապէս նշելով. «Վերջին օրերին խորը մտահոգութեամբ տեղեկացանք համասեռամոլների կողմից Հայաստանում նախաձեռնուող ֆորումի լուրերի մասին, որն առաջացրել է մեր ժողովրդի մեծ վրդովմունքը: 

Մեր Քրիստոսասէր ժողովուրդը դարեր ի վեր կրողն է աստուածօրհնեալ ընտանիքի նուիրական գաղափարի եւ պահպանողը ընտանիքի սրբագործուած արժէքի: Աստուածահաստատ ընտանիքի սրբազան խորհրդով է շարունակուում կեանքի գոյութիւնը, կեանքի հրաշագործութիւնը: Աստուած պատուիրաններ ու բարոյականութեան նորմեր է սահմանել արարչաստեղծ մարդու համար: Այսօր, սակայն, փորձ է արուում բարոյական շեղումները եւ դրանց բացայայտ քարոզչութիւնը ներկայացնել իբրեւ մարդու իրաւունքներ եւ ազատութիւններ: Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին համասեռամոլութեան երևույթի նկատմամբ իր դիրքորոշումն արտայայտել է՝ անընդունելի հռչակելով այդ կենցաղակերպը իբրեւ մարդկային բնութեան խեղում, բայց երբեք չդադարելով հովուական խնամք ցուցաբերել եւ կոչ անել այդ մեղքի մէջ յայտնուած անձանց՝ սրբագրելու իրենց ընթացքը:

Խստօրէն մերժելի են եւ դատապարտելի ԼԳԲՏ ներկայացուցիչների կողմից հասարակութեան մէջ հրահրումներ առաջացնելու քայլերը եւ համասեռամոլութեան երեւոյթի որեւէ հանրայնացում ու դրա գովազդում, որը գայթակղութիւն է մեր աճող սերնդի համար եւ սպառնալիք՝ մեր ազգի յարատեւութեանը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին