Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Վեցերորդ Գումարման Ազգային Ժողովը Պիտի Արձակուի. Նիկոլ Փաշինեանը Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Չընտրուեցաւ Վարչապետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ԼԻԲԱՆԱՆ – Ազգային ժողովը երկրորդ փուլով դարձեալ Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետի պաշտօնին, ինչպէս կը նախատեսուէր. այսպիսով, Սահմանադրութեան համաձայն՝ իրաւունքի ուժող Վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովը պիտի արձակուի:

«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ` վարչապետի ընտրութեան համար գումարուած յատուկ նիստին «Ելք» խմբակցութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեանը չստացաւ ընտրուելու համար բաւարար ձայներ: Իր թեկնածութեան կողմ եւ դէմ չքուէարկեց ոեւէ պատգամաւոր, ձեռնպահ քուէարկեց 13 պատգամաւոր:

Վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր 53 կողմ ձայն:

Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Ազգային ժողովը պիտի արձակուի սահմանուած ժամկէտէն շուտ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին