Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Ռիշար Գույումճեանի Նախարարաց Խորհուրդի Անդամակցութեան Առաջադրումը Մեր Քաղաքական Դաշինքին Թագադրումն Է

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութիւնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարած առաջին ժողովին ընթացքին քննարկեց լիբանանեան թէ հայկական քաղաքական բեմին վերաբերող կարգ մը հարցեր, որոնց մէջ լայն տեղ գրաւեց Լիբանանի Նախարարց Խորհուրդի կազմութեան հարցը:

Այս առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր վարչութիւնը հաստատեց, որ ինք յանձնառու է հաւատարիմ մնալու զինք նախորդած վարչութեան Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան հետ կնքած քաղաքական դաշինքին, որ կնքուած էր երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրէին:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր վարչութիւնը այս առիթով լիբանանեան մամուլին հաղորդագրութիւն մը ցրուեց, որուն մէջ յայտնեց, թէ ինք հաստատ կը մնայ իր քաղաքական դաշինքին վրայ, որուն որպէս թագադրում Տոքթ. Ռիշար Գույումճեանի անունը առաջադրուած ու որդեգրուած է անդամակցելու մօտերս կազմուելիք նախարարաց խորհուրդին: 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին